Մասաչուսէթսի Օրէնսդիրները Պատուոգրեր Յանձնած Են Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներուն

Մասաչուսէթս նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի ներկայացուցիչներն ու ծերակուտականները պատուոգրեր յանձնած են հայերուն, որոնք վերապրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Յունիս 10-ին օրէնսդիրները այցելած են Պոսթօնի հայկական ծերանոց (Armenian Nursing and Rehabilitation Center) եւպատուոգրեր յանձնած են, Նաոմի Արմէնին, Ակնէս Ազնաւուրեանին, Արմինէ Պաղտիկեանին, Ազատուհի Տոնապետեանինեւ Վազգէն Յովհաննիսեանին, այս մասին կը հաղորդէ «Boston Globe»-ը:
Ծերակուտական Ուիլեամ Պրաունսպերկերի խօսքով` իրեն համար պատիւ եւ հաճոյք էր այդ վերականգնողական կեդրոնինմէջ հանդիպելու  ցաւալի պատմութիւն ունեցող քաղաքացիներու: «Անոնք անտանելի ցաւ ապրած են Ցեղասպանութեանժամանակ եւ անկէ ետք, սակայն իրենց ուժի եւ քաջութեան շնորհիւ կրցած են մեծ աւանդ ունենալ Մասաչուսէթսինահանգի կայացման հարցին, ինչպէս  նաեւ յետագայ սերունդներուն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ճշմարտացիտեղեկութիւններ հաղորդելով»,-ընդգծած է Մասաչուսէթս նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճոնաթան Հեթչը:
News.am
Scroll Up