Թուրք Ռեժիսորի Բաց “Վէրքը”…

Այս լուսանկարը նկարուած է 2014 թուականի Նոյեմբեր ամսուն՝ Գերմանիոյ մէջ: Լուսանկարի մէջ Ֆրանսա ապրող մեր հայրենակից, հանրածանօթ օփերային երգիչ Ադամ Բարրոն է (Մուրատ Ամիրխանեան) եւ թուրք յայտնի ռեժիսոր Ֆաթիհ Աքընը, մեծ աղմուկ հանած «Վէրքը» (The Cut) ֆիլմի ռեժիսորը:
Հայ եւ թուրք, Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց միասին կ’ըսեն՝ Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս քայլով միանալով համացանցի մէջ մեծ տարածում գտած շարժման:
Ճանչնալ… Կը նշանակէ ընդունիլ սեփական պատմութիւնը, որմէ այդքան կը խուսափին թուրքերը: Թէեւ անոնց մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կրնան անցեալին նայիլ բաց աչքերով, ինչպէս գերմանաբնակ ռեժիսոր Ֆաթիհ Աքընը, որ իր «անցեալը» ճանչցած է 18-20 տարեկանին. «Երբ իմացայ, որ նման բան եղած է, սկսայ ուսումնասիրել: Կը կարդայի ձեռքս իյնկած ամէն բան, ինչ կը վերաբերէր այդ թեմային, ըլլար՝ գիրք, փաստաթուղթ կամ պատմութիւն: Ի  դէպ, բաւական շատ չհրապարակուած պատմութիւններ կան, կարեւոր պատմութիւններ: Պէտք է բոլորը իմանան անոնց մասին»:
Տարիներ անց  ան կը նկարահանէ  իր «Վէրքը» ֆիլմը, որ ունի նոյն ուղերձը՝ Ճանչնալ… Ֆիլմ, որ ռեժիսորի խօսքերով, նախեւառաջ նկարահանուած է թուրքերու համար, որպէսզի. «Դիտենք, ուսումնասիրենք, ճանչնանք մեր անցեալը: Պէտք է մեր «երէկը» իմանանք, որ այսօր կարենանք առջեւ քալել: Թէեւ շատ մարդիկ չեն ցանկար տեղեկանալ իրենց անցեալի մասին»:
Այդ պատճառով այդ «երէկը» կը շարունակէ ոչ միայն անցեալ ըլլալ, այլեւ ներկայ ու ապագայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ կը գտնուին մարդիկ, անկախ ազգութենէն, որ կ’ըսեն՝ Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը…
Լուսինէ Աբրահամեան

photo2015

Scroll Up