Թրքական Մամուլին Մէջ Տպագրուած` Հայերը Տեղահանելու Եւ Սպաննելու Երիտթուրքերու Հրամանը
Թուրքիոյ Պետական խորհուրդի անդամ, իրաւաբան եւ «Անկլոֆիլ ընկերակցութեան» հիմնադիր Սաիթ Մօլլան 1918 թուականին սկսած էր հրատարակել «Թրքական Սթամպուլ» օրաթերթը, կը գրէ armeniangenocide100.org-ը:
1919թ.-ի Մարտ 25-ին թերթը հրապարակած է «Միութեան եւ յառաջադիմութեան» կեդրոնական գրասենեակի` Յատուկ յանձնաժողովին յանձնարարական նամակը: Այն կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու տեղահանութեան: Թերթը այդ նամակը կոչած է «Ողբերգական եւ սարսափելի փաստաթուղթ» եւ նշած,
որ այն վերահրատարակուած է առանց որեւէ փոփոխութեան: Յանձնարարական նամակը բաղկացած էր 10 յօդուածներէ, որոնք քայլ առ քայլ կը նկարագրէին բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք պէտք է իրականացուէին հայերու տեղահանման ընթացքին: Ասոնք բոլոր այն գործողութիւններն են, որոնք նկարագրած էին գիտնականներ Թաներ Աքչամ, Տոնալտ Պլոքսհամ եւ Ուքուր Ումիթ Ունկեօր իբրեւ տեղահանութենէն մաս մը, – կը գրէ The Armenian Weekly պարբերականը:
«Թրքական Սթամպուլը» չէ նշած նամակի աղբիւրը, աւելին` «Միութեան եւ յառաջադիմութեան յանձնաժողովի» պահոցները անհետացած էին Առաջին համաշխարհային պատերազմին Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք: Սակայն, անկախ այս ամէնէն` ուշագրաւ է, որ գոյութիւն ունէին օսմանեան թրքական պարբերականներ, ինչպիսիք էին «Թրքական Սթամպուլը», «Ալեմդարը», «Փէյէմը», որոնք կը քննարկէին եւ քննադատէին «Միութեան եւ յառաջադիմութեան յանձնաժողովը» Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք: Փաստաթուղթի դրոյթները` ստորեւ.
1. Կիրառելով «Ընկերութիւններու մասին օրէնքի» 3-րդ եւ 4-րդ յօդուածները` փակել բոլոր հայկական ընկերութիւնները, ձերբակալել ատոնց գործադիր անդամները, որոնք կ’ընդդիմանային «Միութեան եւ յառաջադիմութեան յանձնաժողովի» կառավարութեան, արտաքսել անոնց այնպիսի ծայրամասեր, ինչպիսիք են Մուսուլն ու Պաղտադը, իսկ ճանապարհին կամ տեղ հասնելնուն` սպաննել:
2. Հաւաքել հայերու ամբողջ զէնքը:
3. Ազդել մահմետական հասարակութեան կարծիքին վրայ համապատասխան միջոցներով, կազմակերպել շարք մը միջադէպեր (այնպէս, ինչպէս Ռուսաստան ըրած էր Պաքուի մէջ) Վանի, Էրզրումի, Ատանայի, ուր հայերը իրենց գործողութիւններով վաստակած են մահմետականներու ատելութիւնը:
4. Էրզրում, Վան, Մամուրէթ-ուլ-Ազիզ եւ Պիթլիս քաղաքներուն մէջ գործողութիւններու իրականացումը ձգել բնակչութեան վրայ: Զօրքերը կիրառել եւ ռազմական ուժերու գործողութիւնները ներկայացնել այնպէս, կարծես անոնք կը կանխեն ջարդերը, իսկ ռազմական վայրերու մէջ, ինչպիսիք են Ատանան, Սեբաստիան, Պուրսան, Իսմիթ եւ Իսմիր քաղաքները, հակառակը, աջակցիլ մահմետականներուն:
5. Դպրոցի ուսուցիչներուն, յատկապէս 50-էն ցած տղամարդոց ոչնչացնելու միջոցներ ձեռնարկել: Ձգել կանանց եւ երեխաները յետագային մահմետականացուելու:
6. Ոչնչացնել բոլոր այն փախչիլ յաջողած մարդոց ընտանիքները եւ քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի անոնք ամբողջովին կորսնցնեն կապը իրենց հայրենի քաղաքներուն հետ:
7. Լրտեսութեան մէջ մեղադրելով` պաշտօնանկ ընել բոլոր հայ պաշտօնեաները իրենց կառավարական հիմնարկներէն եւ մասնաճիւղերէն:
8. Համապատասխան կերպով ոչնչացնել բանակին մէջ ծառայող տղամարդոց:
9. Անմիջապէս սկսիլ բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք ժամանակ չեն ձգեր պաշտպանական միջոցներ ձեռնարկելու համար:
10. Գաղտնի պահել այս յանձնարարական նամակը եւ առաւելագոյն խնամքով պահել մէկ կամ երկու անձանց մօտ:
«Նամակին մէջ նկարագրուած յանձնարարականներուն համաձայն արտաքսուած հայերը յետագային սպաննուած եւ ոչնչացուած են: Մենք կը հրապարակենք նամակը այնպիսին, ինչպիսին որ է», – գրած է «Թրքական Սթամպուլ» պարբերականը 1919թ. Մարտ 25-ին: