«Արի Տուն»-ը Դռները Կը Բանայ Յիշելով Եւ Պահանջելով…
Notice: Uninitialized string offset: 2 in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/plugins/qtranslate-x/qtranslate_utils.php on line 501
Notice: Uninitialized string offset: 2 in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/plugins/qtranslate-x/qtranslate_utils.php on line 501
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Ամրան կը վերսկսի սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն»-2015 ծրագիրը: Արի տան կանչով օտար ափերէն կարօտով դարձեալ հայրենիք կ’այցելեն հայ պատանիներն ու աղջիկները, դարձեալ Հայաստան աշխարհը ծնողական սիրով իր գիրկը կ’առնէ անոնց` պարգեւելով հայրենիքը վայելելու, նոր գոյներով բացայայտելու բերկրանքը: Յատկապէս անոնց համար, որոնք երբեք ոտք չեն դրած հայրենի հողին, չեն շնչած հայոց լեռներու թարմ օդը…
Ին՞չ կը ստանայ սփիւռքի երիտասարդը, երբ «Արի տուն» ծրագիրին կը մասնակցի: Սա բազմաշերտ եւ տարաբնոյթ պատասխաններով լեցուն հարց է, որ բազմաթիւ անգամ քննարկուած է: Այս ծրագիրի թիւ մէկ հրամայականը աշխարհի բիւր ծագերու մէջ բնակող հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-հայրենիքը, անոնց մէջ ազգային ինքնութեան գիտակցութեան սերմանելը, իր ժողովուրդի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն, հայ ընտանիքին, հայ մարդու հոգեկերտուածքին ծանօթացնելը, Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական, կրթամշակութային մերձեցման աջակցիլը եւ հայրենիքի հանդէպ յաւերժական սիրով պարուրելը:
Սա առաւել, քան երբեւէ հրատապ խնդիր է հայրենիքէն դուրս ապրող միլիոնաւոր երիտասարդներու համար, որոնք բնակութեան երկիրներու լեզուական, մշակութային, հոգեւոր, ընկերային, քաղաքական ազդեցութիւններու պայմաններու մէջ կ’ընդունեն տեղի բարքերը, նիստուկացը, մոռնալով մայրենի լեզուն` հեռանալով սեփական արմատներէն եւ կորսնցնելով հայու նկարագիը: «Արի տուն»-ը սփիւռքի երիտասարդներուն մեծ հնարաւորութիւն կու տայ վերադառնալու ազգային ինքնագիտակցութեան, հայրենի եզերքին մէջ ճանչնալու սեփական պատկանելիութիւնը, ակունքները, ծանօթանալով հայերէնով խօսող հասակակիցներու հետ եւ ճանչնալու Հայաստան-հայրենիքը: Կարեւոր հանգամանքներէն է ծրագիրի մասնակիցներու միջեւ ընկերային-բարեկամական յարաբերութիւններու ձեւաւորումը. յագեցած զբօսաշրջութենէն յետոյ երեխաները աւելի կը մտերմանան, իսկ վերադառնալով իրենց բնակավայրեր` կապը, բնաւ, չեն կտրեր, քանի որ նոյն գորովով կը շարունակեն հաղորդակցիլ հայաստանեան եւ սփիւռքեան քոյր-եղբայրներուն հետ: Իսկ երբ կու գայ բաժանման ժամը, աննկարագրելի կը դառնայ անոնց ապրումները. ինքս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս ճամբարային հանգիստի վերջին օրը` Հրաժեշտի խարոյկին շուրջ, յոյզերուն տեղի տուած, արցունքախառն աչքերով կ’ողջագուրուին իրար` փորձելով հնարաւորինս ձգձգել հրաժեշտի ժամը:
«Արի տուն» ծրագիրի կայացման, զարգացման եւ նոր ծիլեր տալու առհաւատչեան հէնց սփիւռքահայ երեխաներու հնչեցուցած սրտաբուխ, անկեղծ խօսքերն են. «ի՜նչ լաւ է հայրենիքս, ափսոս, որ շատոնց չէի եկած Հայաստան, չենք ուզեր հեռանալ…»:
Հայրենասիրական շունչն ու ոգին երիտասարդներուն մօտ վառ կ’արտայայտուի, երբ Ծիծառնակաբերդի յուշահամալիր եւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն կ’այցելեն: Այս վայրերէն հեռանալէ ետք տղաները մէկ բառով կ’արտայայտեն հոգիի պոռթկումը. «Մենք պիտի վերադառնանք Հայաստան եւ հայոց բանակին մէջ պիտի ծառայենք»:
«Արի տուն» ծրագիրի իրականացման գլխաւոր պայմանն է հիւրընկալող ընտանիքները, որոնք անշահախնդիր, հայուն վայել հիւրասիրութեամբ իրենց օջախի դռները կը բանան Սփիւռքէն ժամանած երիտասարդներուն առջեւ եւ հարազատ ծնողներու նման կը գուրգուրան անոնց:
Ի դէպ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի hամահայկական ծրագիրներու վարչութեան աշխատակիցները ծրագիրի աւարտէն ետք իրենց երախտիքի խօսքը ըսելու համար նախաձեռնեցին այցելել այդ ընտանիքներուն: Աշխատակիցներու փոխանցմամբ բոլորը ջերմութեամբ ու ժպիտով կը խօսին երեխաներուն մասին, եւ անոնցմէ շատերը վստահեցուցած են, որ պատրաստամ են կրկին ընդունելու անոնց իրենց յարկին տակ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» 2015 թուականի ծրագիրի մեկնարկը կը տրուի Յունիս 14-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 29` 8 փուլերով (իւրաքանչիւր փուլ` 14 օր): Երիտասարդները կը մասնակցին հայոց լեզուի դասընթացներուն, կ’այցելեն Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր: Ճամբարային փուլին մէջ կը կազմակերպուին նաեւ ուսուցողական ծրագիրներ, հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացներ, հանդիպումներ կ’ունենան Հայաստանի պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ:
Նախարարութեան բոլոր ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` «Արի տուն»-ը, նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
«Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրի ներքոյ ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի իրականացուին դասեր, գրական-երաժշտական ձեռնարկներ, յուշ-երեկոներ:
Բարի երթ, քե՛զ սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» դարբնոց, բարի գալուստ աշխարհասփիւ՛ռ հայորդի, Հայաստան-հայրենիք…
Գէորգ Չիչեան


Արևելահայերեն
Русский
English








