Սուրիահայերու Աջակցութեան Նոր Ծրագիր

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան ընդունեց  Օքսֆամ բրիտանական բարեգործական ընկերութեան  հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Մարգարիտա Յակոբեանը եւ սուրիահայ փախստականներու աջակցութեան ծրագրի պատասխանատու Մարգարիտա Յակոբճանեանը:

Հիւրերը նախարարին տեղեկացուցին, որ Օքսֆամի հայաստանեան մասնաճիւղը ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակի հետ համագործակցութեամբ ստանձնած է իրականացնել  նոր ծրագիր` Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու համար:  Ծրագիրը կը նախատեսէ 250  հազար տոլարի սահմանում աջակցիլ շուրջ 200 սիրիահայու`  վճարելու բնակարանների վարձը, անոր համաձայն 160 հազար տոլարը կը տրամադրէ Օքսֆամը, իսկ 90  հազար դոլարը` ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակը:

Նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց ծրագրի  վերաբերեալ եւ առաջարկեց առաւել արդիւնաւէտութիւն ապահովելու նպատակով զայն ներկայացնել Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի յառաջիկայ նիստին:

Հանդիպման ընթացքին քննակուեցան սուրիահայերու խնդիրներու շուրջ համագործակցութիւնը սերտացնելու այլ  հնարաւորութիւններ:

Scroll Up