Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերուն Հետ Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատանքները Կը Սկսին Օդակայանէն

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան գլխաւոր վարչութեան հետ համատեղ, այս օրերուն հերթապահութիւն  կ’իրականացնէ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ` անհրաժեշտութեան պարագային օգնելու համար Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներուն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները պատրաստ են պատասխանելու սուրիահայերը յուզող բոլոր հարցերուն, ուղղորդելու զանոնք`  ելլելով խնդիրի բնոյթէն, եւ նպաստելու ատոնց լուծմանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դռները բաց են բոլոր սփիւռքահայերու, ներառեալ` նաեւ սուրիահայերու համար: Մեր հեռախօսահամարներն են `(+374 )10 58 56 01(02, 03):

Scroll Up