Փարիզեան Փայլատակումներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Փարիզյան-փայլատակումներ.jpg)
2015 թուականը հայութեան համար կարեւոր եւ բազմախորհուրդ տարի է։ Այս տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր մասերու՝ յատկապէս մշակութային կեդրոններու մէջ իրականացուած հայ մտքի, հոգիի եւ տաղանդի իւրաքանչիւր փայլատակում ձեռք կը բերէ յատուկ խորհուրդ եւ իմաստ, որ վկայութիւնն է հայ արարիչ ուժի եւ յարատեւութեան։
Փարիզի, հաւանաբար աշխարհի մշակութային քարտէզի ամենաընդգծուած կեդրոններէն մէկուն մէջ, Յունուար ամսուն արդէն իսկ կ’ընթանան երկու տարբեր եւ առանձնայատուկ ցուցադրութիւններ հայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ Առաջինը՝ Փարիզի նշանաւոր Ժամանակակից արուեստի Կարտիյէ հիմնադրամի 30 ամեակին նուիրուած ..Բնակիչիներ.. խորագիրով ցուցահանդէսն է։ Կարտիյէ հիմնադրամը շատ ճանչցուած եւ յարգուած հաստատութիւն է, ուր պարբերաբար կը ցուցադրուին ժամանակակից արուեստի կեդրոնական դէմքեր՝ աշխարհի տարբեր ծայրերէն։
Բնակիչներ նախագիծի գաղափարը աժանթինացի ճանչցուած արուեստագէտ Գուէռմօ Կուինթկային է։ Ներկայացուած են՝ Ֆրենսիս Բեկոն, Դեյվիդ Լինչ, Պատի Սմիթ, Վիյա Ցելմինս, Տարսիլա դօ Ամարալ եւ Արտաւազդ Փէլէշեան։ Ժամանակակից արուեստով հետաքրքրուող իւրաքանչիւր ոք ըստ արժանաւոյն պիտի գնահատէ այս հնչեղ անուններու ցանկը։
Մեր հայրենակից Փէլէշեանի ՛Բնակիչները՛՛՛ 8 րոպէանոց ֆիլմը կը զբաղեցնէ ցուցադրութեան առանցքային տարածքներէն մէկը։ Յատկանշական է, որ նախագծին նոյնպէս տրուած է ՛Բնակիչները՛՛՛ անուանումը։ Անոր նկատմամբ խոր յարգանքի վկայութիւնն է նաեւ ցուցահանդէսի պատկերագիրքի մէջ տպագրուած Ժան Լիւկ Գոդարի խօսքերը ՛՛ Աշխարհի ամենամեծ բեմադրիչ Արտաւազդ Փէլէշեանի՛՛ մասին։
Ցուցահանդէսը իրօք արժէ տեսնել։ Ան պիտի գործէ մինչեւ Փետրուարի վերջը։
Յաջորդ ցուցադրութիւնը նշանաւոր Ժորժ Պոմպիդուի կեդրոնէն մի քանի քայլի վրայ գտնուող Սեն Մարրի հինաւուրց եկեղեցւոյ մէջ է։ Այս եկեղեցին իր հնաբոյր հմայքէն բացի յայտնի է առաջնակարգ մշակութային ծրագրերի իրականացումով։ Այնտեղ պարբերաբար կը ցուցադրուին ժամանակակից արուեստագէտներ եւ տեղի կ’ունենան դասական եւ աւանգարդ համերգներ։ Շուրջ երկու տասնամեակ Փարիզի մէջ բնակուող Աշոտ Աշոտը (Ա.Ղազարեան,Սփիւռքի ամենայայտնի եւ գործուն արուեստագէտներէն է։
Յունուար 21-ին այդ եկեղեցուոյ մէջ ցուցադրեց ՛Կամարի՛ հրեշտակները՛՛ նախագիծը։ Նուրբ գեղարուեստականութեամբ 3ճ2 չափի պատկերուած գունագեղ հրեշտակները կը հանդիսանան դէպի բարձրեալը տանող չորս վիճակներու խորհրդանշական պատկերները. Կարեկցանք, Սէր բաժանման մէջ,զօրաւոր ձգտում եւ Մաքուր վիճակ։ Եկեղեցւոյ խորաններու մէջ կը ցուցադրուին Աշոտ Աշոտի ,,Խորհրդաւոր ընթրիք,, եւ “Հաց հանապազօրեայ,, զետեղումները, որոնց հիմնական նիւթը կը հանդիսանայ հոգեւոր հացը խորհրդանշող սպիտակ ալիւրը։
Ներկայացուեցաւ նաեւ յատուկ այս նախագիծի համար յօրինուած Աշոտի որդիի՝ երիտասարդ արուեստագէտ Աւետիս Ղազարեանի նոյնպէս ,,Կամարի հրէշատակները,, վերնագրուած ձայնային զետեղումը։ Ցուցադրութիւնը պիտի գործէ եւս մի քանի շաբաթ։
Վ.Թ.
Սեփական թղթակից
Օրեր Orer.eu