Նորա Արմանիի Հիմնած Միջազգային Փառատօնին Հայկական Ֆիլմերու Մասնակցութիւնը Պարտադիր Է

Եգիպտահայ դերասանուհի Նորա Արմանին, որ  այժմ կ’ապրի Նիւ Եորք, 2013 թուականին հիմնադրած է Socially Relevant Film Festival New York միջազգային ֆիլմի փառատօնը, որուն գեղարուեստական տնօրէնն է նաեւ:

Փառատօնին ընդգրկուած ֆիլմերը հասարակական հնչեղութիւն ունեցող սոցիալական խնդիրներ կ’արծարծեն, որոնք կ’արտացոլեն ցեղային փոխյարաբերութիւններն ու խտրականութիւնը, կանանց դէմ բռնութիւնները, ոստիկանութեան դաժանութիւնները, ներգաղթն ու աքսորը:

«Երեք տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ ստեղծելով ֆիլմերու միջազգային փառատօնը` նպատակ ունէի ցուցադրել սոցիալական ուղղուածութեան, հասարակական հարցեր շօշափող ֆիլմեր: Յոգնեցուցիչ էր արդէն անընդհատ վայրագութիւններու, խոշտանգումներու, արեան տեսարաններով ֆիլմեր տեսնելը, որոնք հոգեբանօրէն կը ճնշեն մարդոց»,-«Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ Նորա Արմանին եւ աւելցուց, որ փառատօնի առաջին տարին ցուցադրած են 55 ֆիլմ 18 երկրէ, երկրորդ տարին` 53 ֆիլմ 33 երկրէ: Այս տարի 49 ֆիլմ  ներկայացուած է` 35 երկրէ:

Փառատօնին ընթացքին հիմնականին մէջ կը ներկայացուին կարճամեթրաժ,  լիամեթրաժ , փաստագրական եւ խաղարկային ֆիլմեր:

Դերասանուհին կարեւոր կը համարէ միջազգային փառատօնի մէջ հայկական ֆիլմերու ցուցադրումը, քանի որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը միջազգային հարթակներու վրայ աշխարհի մակարդակով ներկայացնելը` խիստ նպատակային է: Ֆիլմերը կ’արժանանան նաեւ միջազգային հեղինակաւոր ֆիլմի քննադատներու ուշադրութեան:

Այս տարի փառատօնին ութ հայկական ֆիլմ  ընդգրկուած է, որոնցմէ հինգը Հայաստանէն  ներկայացուած են: Ութ ֆիլմերէն երեքը` նուիրուած  եղած են Հայոց ցեղասպանութեան:

Խաղարկային կարճաﬔթրաժ ժանրին մէջ յաղթող  ճանչցուած է Արա Երնջակեանի «Խաւարում» ֆիլմը, իսկ Մարինէ եւ Սոնա Քոչարեաններու «Ինչպէ՞ս անցնիլ Ճիլիզէ Ճիլիզ» ֆիլմը արժանացած է ժիւրիի մասնաւոր գնահատանքին:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմեր  ներկայացուցած են նաեւ Ճոն Լուպոքը` Անգլիայէն, Մոհամատ Հանաֆին` Եգիպտոսէն եւ Տէյուիտ Հովան` Գանատայէն:

 Փառատօնին արաբական աշխարհէն առաջին անգամ մասնակցած Մոհամատ Հանաֆիի «Ո՞վ սպաննեց հայերը» լիաﬔթրաժ փաստագրական ֆիլմը արժանանացած է հանդիսատեսի  համակրանք մրցանակին:

Աւելցնենք, որ այս ֆիլմի նկարահանման նպատակով բեմադրիչը կնոջ` լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքիի եւ նկարահանող խումբին հետ յատուկ Հայաստան եկած է, նկարահանումներ կատարելու Հայաստանի պատմամշակութային վայրերուն մէջ, իսկ Մարիամ Զաքին հարցազրոյց  ունեցած է  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին,  շարք պետական, հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:

«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար Մարիամ Զաքին պարգեւատրուած է նաեւ Նորա Արմանիի հեղինակած «Empowering Women and Girls» (Զօրացնող կանայք եւ աղջիկներ) մրցանակով, որուն մասին դերասանուհին հետեւեալը ըսաւ. «Բացի այս մրցանակէն,  ամբողջ փառատօնը հիմնած եմ հօրեղբօրս եւ հօրեղբօրս դուստր` Յակոբ Էքսէրճեանի Վանիա Էքսէրճեանի յիշատակը վառ պահելու համար, որոնք Եգիպտոսի մէջ 2004 թուականին զոհուեցան  ծայրահեղական  ահաբեկիչի մը կողմէն: Հօրեղբօրս աղջկան անունով սահմանուած մրցանակը ամէն տարի կը յանձնեմ փառատօնին մասնակից  կին դերասանի կամ բեմադրիչի մը, որ իր գործունէութեամբ, կատարած աշխատանքներով նպաստած է հասարակութեան մէջ կանանց դերի հզօրացման: Տուեալ պարագային հաւանական թեկնածուն ինծի համար հէնց Մարիամ Զաքին էր»:

Յաղթող ճանչցուած են նաեւ Ահﬔտ Աթեֆիի` «Նախքան գարունը» եգիպտական խաղարկային լիամեթրաժ եւ Սթաւրուլա Թոսքայի` «Ձիթենիի  տակ» յունական  վաւերագրական ֆիլմերը:

«Կը կարծեմ` արուեստը, եւ յատկապէս ֆիլմը, հզօր միջոց է մեր բողոքի, պահանջատիրութեան ձայնը ի լուր աշխարհի բարձրացնելու եւ Հայոց դատի արդարացի լուծումը պահանջելու համար»,- եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ Նորա Արմանին:

Գէորգ Չիչեան

1 2

Scroll Up