Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ատենապետ Մայք Խառապեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ատենապետ Մայք Խառապեանը:

Քննարկուեցան Սփիւռքի համաքային կառոյցներու,  մասնաւորապէս,  Ռամկավար ազատական կուսակցութեան իրականացնելիք   ձեռնարկները, ատոնց համակարգուած քարոզչութիւնը, անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի յունուարեան նիստերու աշխատանքներու ընթացքին եւ արդիւնքներուն:

Կարեւոր համարուեցաւ Յունուար 29-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի ընդունած Համահայկական հռչակագիրը եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ատոր դրոյթներու պահանջներու հետեւողական կատարման անհրաժեշտութիւնը:

Scroll Up