«Խնդիր չունինք հայ ժողովուրդին հետ. մեր խնդիրը Սփիւռքահայութեան հետ է» կ՚ըսէ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի նախագահը

Օրերս Փա­րիզ կ՚այ­ցե­լէր Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին Ժո­ղովի նա­խա­գահ Ճէ­միլ Չի­չէքի գլխա­ւորու­թեամբ խորհրդա­րանա­կան պա­տուի­րա­կու­­թիւն մը:

Անոնք հան­դի­պումներ ու­նե­ցած են Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին Ժո­ղովի նա­խագահ Գլօտ Պար­թո­լոնի, Ծե­րա­կոյ­տի նա­խագահ Ժե­րար Լառ­շէի, Ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու յանձ­նա­ժողո­վի եւ Թուրքիա-Ֆրան­սա բա­րեկա­մական խմբակ­ցութեան ան­դամնե­րուն հետ:

Այս հան­դի­պումնե­րէն ետք, Ճէ­միլ Չի­չէք Թուրքիոյ դես­պա­նատան մէջ տրո­ւած մամ­լոյ ասու­լիսի մը ըն­թացքին յայ­տա­րարած է, որ ֆրան­սա­կան նա­խագա­հական վեր­ջին ընտրու­թե­նէն աս­դին այդ երկրին հետ հաս­տա­տուած են աւե­լի մեղմ յա­րաբե­րու­թիւններ: Չի­չէք անդրա­դառ­նա­լով նաեւ CCAF-ի տա­րեկան ճա­շին ըն­թացքին նա­խագահ Հո­լան­տի կող­մէ Հա­յերու եւ Թուրքե­րու ուղղո­ւած կո­չին, ըսած է.

“2015 թո­ւակա­նը Թուրքիա-Ֆրան­սա յա­րաբե­րու­թիւննե­րու տե­սակէ­տէն կա­րեւոր թո­ւական է։ Մեր հան­դի­պումնե­րու ըն­թացքին յայտնե­ցինք յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ա՛լ աւե­լի բա­րելա­ւելու մեր մաղ­թանքը։ Թուրքիա ան­շուշտ բնաւ չու­րա­ցաւ ցա­ւալի պա­տահար­նե­րը։ 2005էն ի վեր կը պնդենք որ այս խնդի­րը պէտք է լու­ծո­ւի պատ­մա­բան­նե­րէ կազ­մո­ւած յանձնա­խումբի մը կող­մէ։ Թուրքիա հայ ժո­ղովուրդին հետ խնդիր չու­նի։ Բուն խնդի­րը հայ­կա­կան Սփիւռքն է, քա­նի որ հայ­կա­կան Սփիւռքը կը շա­րու­նա­կէ Թուրքիան արա­տաւո­րելու իր ար­շա­ւը եւ կը ջա­նայ իր հա­կակշռին տակ առ­նել Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Կարգ մը խմբակ­ներ ան­շուշտ դրամ կը շա­հին Թուրքիան արա­տաւո­րելու այս ար­շա­ւէն։ Ասի­կա գրե­թէ հա­ցի խնդիր դար­ձած է անոնց հա­մար” ըսած է Չի­չէք:

Ան անդրա­դար­ձած է նաեւ Փէ­րին­չէ­քի դա­տավա­րու­թեան եւ ըսած. “Հա­յերը այս խնդրին մէջ գի­տեն որ տկար դիրքի տէր են, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ կը ջա­նան խնդի­րը սա­հեց­նել դէ­պի քա­ղաքա­կան դաշտ. իսկ մենք կը սպա­սենք որ դա­տարա­նը այս խնդրին նա­յի միայն իրա­ւական տե­սանկիւնէն”։

«Նոր Յառաջ» երկօրեա

Scroll Up