Չուկոտկայի Խորհրդարանի Խօսնակի Պաշտօնին Ընտրուած Է ԱրամայիսԴալլաքեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/07/photo_94857.jpg)
Միլիարտատէր Ռոման Աբրամովիչը հրաժարած է Չուկոտկայի ինքնավարմարզի պատգամաւորի եւ խորհրդարանի խօսնակի լիազօրութիւններէն:
«Չուկոտկայի ինքնավար մարզի Դումայի յուլիս 2-ինիստին պատգամաւորները ընդունած են պատգամաւորի եւԴումայի նախագահի պաշտօնէն Ռոման Աբրամովիչիկամաւոր հրաժարականը: Պատգամաւորներու կողմէ ՉուկոտկայիԴումայի նախագահի պաշտօնին ընտրուած Է ԱրամայիսՃահանի Դալլաքեանը»,-ըսուած Է տարածաշրջանի պաշտօնական կայքին զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ, ինչպէս այս մասին կը տեղեկացնէ«Արմէնփրէս» ը:
«Ատիկա Աբրամովիչի միակ քաղաքական պաշտօնն Էր: Նորօրէնքին համապատասխան, ան պէտք Է հրաժարէր այդ պաշտօնէն: Բայցատիկա չի նշանակեր, որ պիտի հեռանայ տարածաշրջանէն: Ան պիտիշարունակէ մասնակցիլ Չուկոտկայի կեանքին, այնտեղ ան ունի երկու բարեգործականհիմնադրամ եւ պիտի շարունակէ ներդրումներ կատարելտարածաշրջանին մէջ»,-ըսած Է Աբրամովիչիպաշտօնական ներկայացուցիչը: