Դեսպան Յովհաննէսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Նախագահին

Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննէսեանին ընդունեց երկրի նախագահ Եոահիմ Գաուկը` հաւատարմագիրներու յանձնման առիթով:

§Պելեւիւ» նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցի ժամանակ` Նախագահ Գաուկը եւ դեսպան Յովհաննէսեան քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ ընթացող  քաղաքական երկխօսութեան, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացման, գիտակրթական  եւ մշակութային կապերու առաւել զարգացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առընչուող շարք մը հարցեր:

Շնորհաւորելով դեսպանին Նախագահ  Գաուկը յոյս յայտնեց, որ  Վահան Յովհաննէսեան իր փորձն ու գիտելիքները կը ներդնէ` ի նպաստ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` ՀՀ դեսպանը վստահեցուց, որ ինք ջանք չի խնայեր երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up