Ֆրանսուա Օլանտ Ապրիլ 24-ին Երեւանի Մէջ Հայերու Կողքին Կ’ըլլայ
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին օրը` Ապրիլ 24-ին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ կ’այցելէ Երեւան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի հայկական Nouvelles d’Armenie լրատուականը:
Օլանտն իր այս որոշման մասին յայտարարած է Յունուար 28-ին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքի ժամանակ: Ֆրանսայի նախագահը համոզում յայտնած է, որ ճշմարտութեան համար մղուող պայքարը պէտք է շարունակուի: «Կը հաւատամ, որ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը ատոր ճանաչման համար նոր փուլ կրնայ դառնալ», ըսած է Օլանտ: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին ներկայ եղած են նաեւ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը, Եւրոպայի հարցերով պատասխանատու նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը եւ այլք: