Եւրոպայի Հայ Համայնքներուն Ուղղուած ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Գործունէութիւնը
ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս կը գործեն 12 վարչութիւններ, որոնցմէ հինգը` տարածաշրջանային են:
«Հայերն այսօրը» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ 2014 թուականի ընթացքին բոլոր վարչութիւններու իրականացուցած աշխատանքները:
Այսօր կ’անդրադառնանք Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան գործունէութեան, որուն պետն է Հրաչեայ Ասլանեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացաման ուղղուած ծրագիրներու ծիրէն ներս 2014թ. ընթացքին մասնակցած է հետեւեալ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն, որուն արդիւնքով ապահոված է տարածաշրջանի համայնքներու մասնակցութիւնը «Արի Տուն», «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն, «Իմ Հայաստան» փառատօնին, «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան:
Վարչութիւնը եւրոպական տարածաշրջանի բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերուն ուղարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերու հանդիպում-քննարկման մասնակցութեան հրաւէրները եւ ծրագիրը` տարաշրջանային յանձնախումբերէն համապատասխան մասնակիցներ ապահովելու նպաատակով:
Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին եւրոպական տարածաշրջանէն մասնակիցներ ապահովելու նպատակով տարածաշրջանի շուրջ 375 կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ուղարկուած է համաժողովին մասնակցելու հրաւէրներ եւ համաժողովին առնչուող այլ նիւթեր: Վարչութեան բոլոր աշխատակիցները մասնակցած են նաեւ համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն: Համաժողովին տարածաշրջանէն մասնակցած է 118 հրաւիրեալ` 24 երկրէ:
Ռումանիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւններուն հետ համատեղ կատարուած են «Ցաւի յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» գիրքի վերահրատարակման նպատակով նիւթերու ճշտգրտման աշխատանքներ (45 յուշարձան)` նոր հրատարակուող գիրքին մէջ ներառելու նպատակով:
Վարչութեան օժանդակութեամբ գիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ այլ պարագաներ առաքուած են յայտադիմում ներկայացուցած բոլոր կրթօճախներուն:
Վարչութեան եւ եւրոպական երկիրներուն մէջ ՀՀ դեսպանութիւններուն միջեւ համագործակցութեամբ եւ քննարկման արդիւնքով եւրոպական երկիրներու (Պուլկարիա, Ռումանիա, Ֆրանսա, Պելճիգա, Կիպրոս, Յունաստան, Չեխիա, Իտալիա, Գերմանիա, Մեծ Բրիտանիա) շարք մը հայ գործիչներ եւ հայկական կառոյցներ պարգեւատրուած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ պետական պարգեւներով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջնորդութեամբ Անթվերպենի եւ Պրիւքսէլի մէջ այս տարի Դեկտեմբերին կը նախատեսուի արցախեան հերոսամարտին նուիրուած շարժանկարի նկարահանում:
Վարչութեան աջակցութեամբ հայաստանեան «Տուտուկներ» երգչախումը 2014 թուականի Յունիսին հանդէս եկած է համերգով Լոնտոնի հայկական համայնքին համար:
Վարչութիւնը աջակցած է 2014 թուականի Սեպտեմբեր 26-էն Հոկտեմբեր 6 Մարսէլի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան կողմէ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի բարձր հովանիի ներքոյ կազմակերպուած միջազգային ցուցահանդէս-վաճառքին:
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Կիպրոսի, Մեծ Բրիտանիոյ, Յունաստանի եւ Պելճիգայի հայ համայնքներուն հետ 2015թ. Մայիսին Նունէ Եսայեանի բարեգործական համերգները (որ պիտի կրէ` «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք» խորագիրը) համապատասխան երկիրներու մէջ կազմակերպելու համար: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հայկական համայնքներուն հետ այդ երկիրներուն մէջ համերգներու կազմակերպման նպատակով:
Վարչութեան կողմէ 2014 թուականի Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր ամիսները պատրաստուած եւ ուղարկուած են 1000-է աւելի պաշտօնական գրութիւններ` ուղղուած ՀՀ տարբեր գերատեսչութիւններու, սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու եւ գործիչներու, 30,000-է աւելի ել. նամակներ` ուղղուած ՀՀ, սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու եւ գործիչներու, ինչպէս նաեւ պատրաստուած է 40-է աւելի զեկուցագիրներ, ներկայացուած 30-է աւելի առաջարկութիւններ եւ այլ փաստաթուղթեր:
Վարչութիւնը աջակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարի եւրոպական երկիրներ կատարած աշխատանքային այցերուն:
2014 թուականի Ապրիլ 5-6 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պելճիգայի մէջ մասնակցած է Պրիւքսէլի «Հայ տուն» կեդրոնին մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Եւրոպայի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպման:
2014 թուականի Մարտ 6-8 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է Փորթուկալ եւ Սպանիա: Լիսպոնի մէջ հանդիպած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահին եւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրինութեան հետ, Պարսելոնայի մէջ` հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
2014 թուականի Յունիս 4–ին Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է Ֆրանսայի Կանանց համաշխարհային 24-րդ գագաթնաժողովին:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 2014 թուականի Նոյեմբեր 15-16 այցելած է Մալթայի Հանրապետութիւն, Նոյեմբեր 16-19` Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտիոյ Միացեալ Թագաւորութիւն, հանդիպած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
2014 թուականի Դեկտեմբեր 13–14 Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ մասնակցած է Փուատիէ նահանգի Լուսինեան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն V-ի, Ֆրանսայի ազատութեան համար ինկած մարտիկներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի բացման եւ օծման հանդիսաւոր արարողութեան:
Դեկտեմբեր 18-21 նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ հանդիպում ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: