ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Հիւրընկալուած Են Մուշ Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/28.jpg)
Նոյեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան Մուշ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, «Տարօն-Մուշ» ակումբի կազմակերպիչներ Արմէն Գալուստեան, Հայկ Յովհաննէս եւ ծագումով այնթափցի, թորոնթոհայ Վազգէն Գալճեան:
Հիւրերը ընդունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան հարցեր, խօսուեցաւ հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն մասին:
Մշեցիները կարեւոր համարեցին «Տարօն-Մուշ» ակումբի, դպրոցի ստեղծումը` նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու, ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ:
Հիւրերը նաեւ պատմեցին, որ դիմած են թրքական իշխանութիւններուն եւ իբրեւ համայնքային սեփականութիւն ստացած են 17-րդ դարու հայկական գերեզմանատան տարածքը, որ կը գործէ մինչեւ օրս: Գերեզմանատունը պահպանելու եւ պաշտպանելու համար այն պիտի ցանկապատուի:
Մշեցիներ Արմէն Գալուստեանի եւ Հայկ Յովհաննէսի այցի նպատակը Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդումն է, որ պիտի նպաստէ Սփիւռքի մէջ ամուր պահելու համայնքը, պահպանելու լեզուն ու մշակոյթը` ակնկալելով հայոց պետութեան եւ բարերարներու աջակցութիւնը ազգապահպանութեան ուղղուած` համայնքի իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան: