Նշուեցաւ «Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն»-ի Երկամեակը

Նոյեմբեր 7-ին ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի դահլիճին մէջ կայացաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի հիմնադրման երկրորդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց, «Նախ ուզում եմ շնորհաւորել կառոյցի երկամեակի առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնել, որովհետեւ ամենածանր, ամենաբարդ աշխատանքը դուք էք կատարում, անցած երկու տարիների ընթացքում ձեր առաքելութիւնը պատուով էք իրականացրել, եւ մեր համատեղ աշխատանքը շատ ներդաշնակ է: Կենտրոնը կարողացել է ճիշտ կազմակերպել իր աշխատանքները միւս կառոյցների հետ: Իմ կարծիքով` §Սուրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան կայացման լաւագոյն օրինակ է: Շնորհակալութիւն նաեւ ՀԲԸՄ-ին, որ առաջին օրերից օգնութեան ձեռք է մեկնել, աջակցել ու ուժ է տուել: Յատուկ շնորհակալութիւն մեր բոլոր բարերարներին, բարի կամքի տէր մարդկանց, որոնք Հայաստանում թէ Սփիւռքում օգնութեան ձեռք մեկնեցին դժբախտութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներին: Եւ վերջում իմ խորին շնորհակալութիւնն եմ յայտնում բոլոր սիրիահայերին, որ եկել են Հայրենիք, երրորդ անգամ փախստական չեն դարձել, ու վայելում են գործատուների սէրն ու յարգանքը իրենց աշխատասիրութեան, նուիրուածութեան, ազնուութեան ու հայրենասիրութեան շնորհիւ»:

Յոբելեանի առթիւ սփիւռքի նախարարը ազգանուէր աշխատանքի համար շնորհակալագիրներ յանձնեց Լենա Հալաճեանին, Ալեքսան Գարատանայեանին, Ճորճ Բարսեղեանին, Նորա Փիլիպոսեանին, Թամար Ղարագէօզեանին, Նայրա Էդիգարեանին, Գէորգ Շատոյեանին եւ Սարգիս Ադամեանին:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիրուիրթը, որ շնորհաւորեց հասարակական կազմակերպութեան յոբելեանի առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնագիտացուած եւ կամաւոր աշխատանքի համար:

Հայրենանուէր արդիւնաւէտ գործունէութեան երկամեակի առթիւ կեդրոնի աշխատակիցներուն շնորհաւորեց ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Էօրդեքեան:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս §Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլիոյ մասնաճիւղի կողմէ սուրիահայ 400 դպրոցական երեխաներուն աջակցելու նպատակով  տրամադրուած դրամական օժանդակութեան առթիւ շնորհակալական խօսքով ու երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան սուրիահայ երեխաները:

1 2 3 4 5 6

Scroll Up