«Սիրիահայերը Դարձել Են Մեր Հասարակութեան Լիիրաւ Անդամ».Հրանոյշ Յակոբեան

Մայիս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:

 Ողջունելով ներկաները սփիւռքի նախարարը ցաւով նշեց, որ նախորդ նիստէն ետք  ինկած ժամանակահատուածին տասնեակ զոհեր  ունեցած ենք Սուրիոյ մէջ, եւ ծանր կորուստներ Ղարաբաղեան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին:

 Նիստը սկսելէ առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկով ներկաները 1 վայրկեան լռութեամբ յարգեցին վերջին օրերուն Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած մեր հայրենակիցներու յիշատակը:

 Երեւանաբնակ սուրիահայերու սոցիալական աջակցութեան ծրագիրներուն մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ Երեւանի քաղաքապետարանի սոցիալական ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց 2012- 2016թթ. երեւանաբնակ սուրիահայերու սոցիալական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:

 Սփիւռքի նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ զեկուցումը բաւականին տպաւորիչ էր եւ կարեւոր համարեց սուրիահայերու հարցերով զբաղող բոլոր կազմակերպութիւններու համաձայնեցուած, նպատակային եւ արդիւանաւէտ  աշխատանքը:

 Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու  լուծման ուղղութեամբ 2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող աշխատանքային ծրագիրները ներկայացուցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի խորհրդական Այտա Խաչիկեան, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչա, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետի տեղակալ Լիլիա Նիկոյեան, «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական ՀԿ –ի սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Լուսինէ Ստեփանեան:

 Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիահայերու հարցերով զբաղուող կազմակերպութիւններուն, արժեւորեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի հոգածութիւնը սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն մեր հայրենակիցներուն պատսպարելու, անոնց ընդելուզման, սոցիալական խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ կատարած աշխատանքը:

 Անդրադառնալով սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստը կազմակերպելու հարցերուն` նախարարը կոչ ըրաւ գերատեսչութիւններուն, հասարակական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններուն քայլեր ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծել երեխաներուն ճամբարներու մէջ տեղաւորելու համար:

 Նախարարը նշեց, որ Յունիս 22-24 Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուի Հռոմի Պապը, կը նախատեսուի նաեւ հանդիպում սուրիահայերու հետ եւ պէտք է յաւուր պատշաճի կազկերպել այդ հանդիպումը:

 Նիստի աւարտին նախարարը նշեց. «ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներում Նիւ Եորքում հանդիպումներ եմ ունեցել փախստականների եւ միգրանտների հարցերով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդականի տեղակալ Ֆ. Հոչիլտի եւ ՄԱԿ-ի փախստականների հարցով գերագոյն յանձնակատարի Նիւ Եորքի գրասենեակի տնօրէն Ն. Քելիի հետ, եւ պէտք է ձեզ փոխանցեմ նրանց գոհունակութիւնը Հայաստանում սիրիահայերի խնդիրերի լուծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքների վերաբերեալ: Հայաստանը համարւում է փախստականներ ընդունող երկրի լաւագոյն օրինակ: Հայաստանը որպէս դրական օրինակ ներկայացուելու է ՄԱԿ–ի Գլխաւոր ասամբլէայի նիստում: Մենք պէտք է շարունակենք նոյն ձեւաչափով առաւել արդիւնաւէտ աշխատել: Սիրիահայերը դարձել են մեր հասարակութեան լիիրաւ անդամ եւ պէտք նրանց ուժերը, գիտելիքները, հմտութիւններն օգտագործենք Հայաստանի զարգացման, սոցիալ-տնտեսական խնդիրները յաղթահարելու գործում»:

ba

Scroll Up