Յաջորդ Տարի Եւրոպական Երկիր Մը Եւս Կրնայ Ցեղասպանութեան ժխտումը Դատապարտող Օրէնք Ընդունիլ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ եւրոպական երկիր մը եւս կրնայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրէնք ընդունիլ: Այս մասին ՀՀԿ գործադիր մարմինի նիստի աւարտէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին նշեց ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով:
«Մենք բանակցում ենք մեր եւրոպացի գործընկերների հետ, եւ կայ մի երկիր, որը գալիք տարի ընդունելու է Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ օրէնք», -«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ` ընդգծեց Շարմազանով` չմանրամասնելով, թէ որ երկրի մասին է խօսքը:
Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կը շարունակէ Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն մնալ: