Ժամանակն է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Ատամ Շիֆֆ

Քոնկրէսական Ատամ Շիֆֆ կրկին կոչ ըրած է ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Ժամանակն է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ ինչպէս կայ` ցեղասպանութիւն: Այլեւս ոչ մէկ արդարացում»,- գրած է Շիֆֆ Twitter-ի իր պլոկին վրայ` հրապարակած է հայկական դրօշի գոյներով իր թեւնոցի նկարը:

Նշենք, որ աւելի վաղ քոնկրէսականը դիմած էր Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն` խնդրելով իրեն փոխանցել Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուածներու անունները: Ան Քոնկրէսին մէջ  ամբողջ ժամ մը կը պատրաստուի կարդալ զոհերու անունները:

Scroll Up