Մոսկուայի Մէջ Աւարտած Է Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը

Ռուսաստանի Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ երէկ աւարտած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը` նուիրուած 2015թ. Յունուար 1-ին Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ատոր մարմիններու գործունէութեան մեկնարկի գործնական կողմերուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Նիստին մասնակցած են Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելառուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն, Ղազախստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը, Ղրղզստանի Նախագահ Ալմազպէկ Աթամբաեւը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահ Վիկթոր Խրիստենկոն, որոնք նիստի արդիւնքները ամփոփած են համատեղ մամլոյ ասուլիսին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն` Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հարցին մէջ աջակցութեան համար, նաեւ նշած այդ երկիրներու համապատասխան նախարարութիւնները, գերատեսչութիւնները, եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կատարած մեծ աշխատանքը եւ բոլորին մաղթած յաջողութիւններ յետագայ գործունէութեան մէջ:

Երեկոյեան Մոսկուայի մէջ ՀՀ Նախագահի կեցավայրին մէջ` «Արարատ Փարք Հեաթ» հիւրանոցին մէջ, Նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունէն տրուած է ընդունելութիւն` Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագիրին Հայաստանի միանալու գործընթացի աւարտին առիթով:

Scroll Up