Վիեննայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Խուսափած Է Պատասխանել Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հարցադրումներուն

Վիեննայի դիւանագիտական ակադեմիային մէջ կայացած ձեռնարկին Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը խուսափած է պատասխանել Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցադրումներուն:
Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի կայքը, Դեկտեմբեր 11-ին տեղի ունեցած է «Առաջին համաշխարհային պատերազմ, Օսմանեան կայսրութեան վերջը եւ ատոր հետեւանքները» խորագիրով ձեռնարկ, որուն ընթացքին շարք մը բանախօսներ, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ
դեսպանը փորձած են շրջանցել Հայոց ցեղասպանութեան թեման: Սակայն Աւստրիոյ Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական կոմիտէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին` շեշտելով, որ թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ ճնշումներ կը գործադրէ այլ կառավարութիւններու վրայ, որոնք կը ցանկան ճանչնալ այդ պատմական փաստը:
Չնայած ձեռնարկի միւս մասնակիցներու դրական արձագանքներուն` խնդիրը լուծելու հնարաւոր ուղիներու եւ հնարաւորութիւններու վերաբերեալ, Հայ դատի ներկայացուցիչներու հարցը Թուրքիոյ դեսպանը այդպէս ալ անպատասխան ձգած է: