Պարգեւէ՛ Ուրախ Ամանոր

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ, կ’իրականացնէ իւրայատուկ ծրագիր` «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով:

Ծրագիրի առաջին` «100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար» փուլի ծիրէն ներս 100 յայտնի հայեր Հայաստանի մարզերուն  եւ Երեւանի արուարձաններուն մէջ բնակութիւն հաստատած 100 սուրիահայ, ինչպէս նաեւ ուքրանահայ երեխաներուն համար «100» խորհրդանշական թիւով ամանորեայ անուանական նուէրներ  պատրաստած են:

Ծրագիրի առաջին փուլի տօնական ձեռնարկին աջակիցն է «Ջամբօ» էկզոտիկ փարկ-ռեստորանը, որ պիտի կազմակերպէ ամանորեայ ձեռնարկ` հիւրընկալելով երեխաները եւ ծրագիրի մասնակից յայտնիները: Հաշուի առնելով հասարակութեան մեծ հետաքրքրութիւնը ծրագիրին հանդէպ եւ երեխաներու մեծ թիւը` որոշուած է իրականացնել երկրորդ փուլ` եւս 100 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու համար, այս անգամ իբրեւ նուիրատուներ ընդգրկելով համահայկական եւ միջազգային կառոյցները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու հայաստանեան ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ: Երկրորդ փուլի ամանորեայ ձեռնարկը պիտի կայանայ «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնին մէջ:

Ծրագիրի մէկ փուլն ալ պիտի իրականացուի Արարատ մարզի Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող սուրիահայ եւ իրաքահայ ընտանիքներու երեխաներուն համար:

Scroll Up