Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Շահան Ս․ Արք․ Սարգիսեանը վերադարձաւ Հալէպ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/10387486_403858646432813_6753207972452886231_n.jpg)
Աւելի քան մէկ ամսուան բացակայութիւնէն ետք, շաբաթ երեկոյեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան վերադարձաւ Հալէպ։ Անցնող շաբաթներուն Սրբազան Հայրը յաջորդաբար այցելեց Սուրիոյ Ծովափի շրջան, Պէյրութ, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմեր, Գանատա, Հայաստան, Աւստրիա, Պէյրութ, կրկին Սուրիոյ Ծովափի շրջան՝ Թարթուս, Լաթաքիա, Քեսապ, Լաթաքիոյ ճամբով Ժազիրէի շրջան՝ Գամիշլի, եւ վերջապէս Լաթաքիոյ ճամբով վերադարձ Հալէպ։ Այս մասին կը հաղորդէ PERIO NEWS -ը:
Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան, Արեւելեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի Թեմեր այցելութեան հիմնական նպատակն էր, Սուրիոյ Հայութեան իրավիճակը իրազեկ դարձնել մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան եւ յատկապէս Բերիոյ Թեմի «ԴՊՐՈՑ» Հիմնադրամի աշխատանքներու ծրագիրներու համար անհրաժեշտ լուծումներ կատարել:
Իսկ Հայաստանի մէջ, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովին։ Ինչպէս նաեւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեցեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահաութեան հետ, լսեց անոնց մտահոգութիւնները։
Նշենք, թէ Սուրիոյ տարածքին Բերիոյ Թեմի շրջաններ այցելութիւնը ընթացիկ հովուական այցելութիւններ էին, հանդիպելու եւ խարախուսելու Բերիոյ Թեմի Ազգային մարմիններն ու անոր քաջարի զաւակները, որոնք տագնապի դժնդակ պայմաններուն մէջ հերոսաբար կը տոկան եւ կը գոյատեւեն, հակառակ Սուրիոյ պատերազմի ծանր իրավիճակին։