Գամիշլիի Մէջ ՍՕԽը Աշակերտներ Կը Պարգեւատրէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/0000KAMISHLI.jpg)
ՍՕ Խաչի (Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ) Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց, ինչպէս բոլոր շրջաններու, նոյնպէս Գամիշլիի Ազգ. Միացեալ վարժարանի միջնակարգի 9րդ կարգի (պրովէի) առաջնակարգ աշակերտները:
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Օգոստոսի երեկոյեան, «Խորէնեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամ Լուսին Յովհաննէսեանի, «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուող շրջանաւարտներուն եւ անոնց ծնողներուն:
ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը նիւթական նուէրներով պարգեւատրեց աշակերտներ Արա Արոյեանը, Անդրանիկ Յովհաննէսեանը եւ Անդրանիկ Յակոբեանը: Այս առիթով խօսք առաւ Լուսին Յովհաննէսեան. ան նախ Շրջանային վարչութեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց առաջնակարգ աշակերտներուն, յորդորելով շարունակել նոյն թափով՝ նուաճելու փայլուն ապագայ եւ նորանոր յաջողութիւններ:
Հուսկ, վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Սարգիսեան-Յովհաննէսեան ամփոփ կերպով ներկայացուց վարչութեան յառաջիկայ գործունէութեան ծրագիրը եւ ըսաւ. «Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի վսեմ առաքելութիւնը մեզ կը մղէ յաղթահարելու բոլոր խոչընդոտները՝ ծառայելու հայ համայնքի զաւակներուն եւ պահելու մեր հայկական փառքերն ու սովորութիւնները»:
Շրջանաւարտ աշակերտները ոգեւորիչ պահեր ապրեցան, իսկ ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:
ԲԺՇԿՈՒՀԻ ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ
Ասպարէզ