Տիկնանց Միջինքի Հաւաքոյթ

Երեքշաբթի 1 Մարտ, 2016-ին, Եկեղեցիիս Տիկնանց Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Միջինքի հաւաքոյթ յետմիջօրէին ժամը՝ 3:00-ին, Եկեղեցիիս «Փօլատեան» Սրահէն ներս: Յայտագիրը սկսաւ Բժշկհ. Դալար Ոսկեանի ողջոյնի խօսքով ապա հրաւիրեց Տիկ. Սիւզան Աբարդեան, որ ներկայացնէ հոգեւոր խորհրդածութիւն, ուր անդրադարձաւ, թէ՝ մեծ պահքի ժամանակաշրջանը ինքնաքննութեան, վերանորոգութեան եւ խոստովանութեան կարեւոր շրջան է:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է Քրիստոսի նման ապրելու եւ Իր կոչին հնազանդելու, ինքզինքնին ինքնաքննութեան ենթարկելով անդրադարձ ունենալու են իրենց տկար եւ սխալ վիճակներէն վեր բարձրանալու եւ իրենց կեանքերը վերաքաղելով եւ վերանորոգելով Քրիստոսի նուիրուելու:

Յայտագրի ընթացքին Բժշկհ. Դալար Ոսկեան ընթերցեց իմաստուն խօսքեր: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ հաճելի խաղեր, առաջնորդութեամբ՝ Տիկիններ՝ Նորա Հեքիմեանի, Մարինա Ֆսթքճեանի, Թալին Գրիգորեանի եւ Սօսէ Ներսէսեանի: Ընկերային բաժնէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշով եւ սուրճով: Հաւաքոյթը վերջ գտաւ ծանուցումներով եւ Տէրունական աղօթքով: Այս առթիւ շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք Տիկնանց Վարչութեան անդամներուն, որոնք ջանք չխնայեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան ի խնդիր:

Այս մասին «Հայերն այսօրը» տեղեկանում է Bethel Church ֆէյսպուքէան էջից:

Scroll Up