Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 23-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ «Շամ» Պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը հաղորդէ “Բերիոյ նիւզ” դիմատետրի էջը

Ընդունելութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ դոկտ. Ֆահմի Հասան, խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար դոկտ. Հասիպ Շամմաս, ելեւմուտքի նախարար դոկտ. Իսմայիլ Իսմայիլ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու նախարարի օգնական Համետ Հասան, տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Հումամ Ալժազաիրի եւ բնապահպանութեան հարցերով պետական նախարար Նազիրա Սարգիսը: Ինչպէս նաեւ, խորհրդարանի անդամներ, օտար դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցների ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպություններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի 23-ամեայ ուղիին` բարձր արժեւորելով Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը: Դեսպան Փոլատեան բարձր գնահատեց հայ-սուրիական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը` կարեւորելով հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: ՀՀ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն, անոնց ազգանուէր գործունէութեան, աջակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան համար: Փոլատեան իր խօսքի աւարտին խաղաղութիւն մաղթեց սուրիական հայրենիքին:

Ապա Արշակ Փոլատեան հայ համայնքի կարգ մը ներկայացուցիչներուն յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ տրամադրուած շքանշաններն ու պատուոյ գիրերը: Պարգեւատրեալներու կարգին էր Տիար Արմէն Ուրֆալեան:

Scroll Up