Այսօր Լոս Անճելըսի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնը
Բացի այդ, հեռուստամարաթոնը պիտի վերահեռարձակուի Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ասիոյ երկիրները: Հայկական սփիւռքի խոշորագոյն քապելային հեռուստաալիքները եւս մտադիր են վերահեռարձակելու ձեռնարկը:
Նոյեմբեր 19–23 եւրոպական երկիրներու մէջ կայացած «Ֆօնեթոնի» ընթացքին 1.37 մլն եւրոյի հանգանակութիւն հաւաքուած է եւ հանգանակութեան խոստում ստացուած:
Ձեռնարկը այս տարի իրականացուած է ` «Տաղանդ, հմայք եւ առատաձեռնութիւն» խորագիրի ներքոյ: Ֆրանսայի Փարիզ, Մարսէլ, Թուլուզ եւ Լիոն քաղաքներուն մէջ տեղակայուած կայաններէն աւելի քան 750 կամաւոր զանգահարած է մասնակից երկիրներու շուրջ 60000 հայ ընտանիքներու ու կազմակերպութիւններու եւ յորդորած համայնքին ու բարի կամքի տէր մարդոց` մասնակցելու հայրենիքի շէնացման ուղղուած ձեռնարկներուն: Նման ուղերձով հանրութեան դիմած են նաեւ ձեռնարկի կնքահայրն ու կնքամայրը` ֆրանսահայ հանրաճանաչ երգիչ Փաթրիկ Ֆիորին եւ յայտնի հեռուստահաղորդավարուհի, մոտել, Ֆրանսայի Կարմիր Խաչի
դեսպան Ատրիանա Քարեմպոն:
Անցեալ տարի ֆօնեթոնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 21-24 Ֆրանսայի մէջ` հաւաքելով 1 մլն 460 հազար եւրոյի հանգանակութիւն:
Հաւաքուած միջոցները պիտի ուղղուին ՀՀ Տաւուշի մարզի գիւղական համայնքներու զարգացման ու ընդլայնման, Արցախի մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման, սուրիահայերու աջակցութեան, 116 քմ երկարութիւն ունեցող Վարդենիս–Մարտակերտ մայրուղիի վերակառուցման աւարտին, որ Հայաստանը կը կապէ ԼՂՀ–ի հետ:
Նախորդ տարուան հեռուստամարաթոնի ընթացքին հաւաքուած էր 22,661 մլն տոլար, որմէ 12,35 մլն տոլարը ստացուած էր Ռուսաստանէն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992 թուականին, եւ ատոր հիմնական խնդիրն է համազգային նախագիծերու իրագործումը, Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ի ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Հայաստանի նախագահի գլխաւորած հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ են ամբողջ աշխարհի սփիւռքահայութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ: Գործունէութեան 21 տարուան ընթացքին
հիմնադրամը իրականացուցած է մօտ 236 մլն տոլարի ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման: