Հայոց Ցեղասպանութեան իրազեկման նոր խորհրդանիշ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/Ցեղասպանություն.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, սոյն խորհրդանշանը հրապարակուեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ: Ինչպէս կայքէջը կը բացատրէ՝ «Ճ» տառը հարիւր թուանշանին համազօր է՝ ըստ հայ դասական թուանշաններուն:
100 ցեղասպանութիւն կը նշանակէ 100 տարուան ցեղասպանութեան վնասները: Կապոյտ գոյնը ոճիրի զոհերու իրաւունքի պաշտպանութեան խորհրդանիշն է:Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ ցեղասպանութեան իրազեկումը: Խորհրդանշանի հեղինակն է լիբանանահայ արուեստագէտ Ռոստոմ Գոյումճեան:
Լիբանանի Մեսրոպյան վարժարան