Արժանթինահայերու Քայլարշաւը Դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն

Ապրիլ 25-ին արժանթինահայ համայնքը, շարունակելով Հայոց Ցեղասպանութեան  101-րդ տարելիցի ձեռնարկներու շարքը, աւանդական դարձած պահանջատիրական երթ իրականացուց դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ նոյնպէս հազարաւոր հայորդիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքի երիտասարդերուն կողմէ կազմակերպուած քայլերթին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ մամլոյ դիւանէն:

Հայրենասիրական երգերու հնչիւններու ներքոյ, դատապարտող եւ պահանջատիրական խօսքերով շարունակուող երթը իր շուրջ  համախմբած էր համայնքի զանազան հաստատութիւններու, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամները, որոնք միասնական ջանքերով կրնան բոլորին իրազեկել ոճրագործ Օսմանեան Թուրքիոյ կատարած Ցեղասպանութեան մասին: Արժանթինի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի օրհներգներէն յետոյ, Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան հոգեւորականներուն հետ միասին  աղօթեցին Հայաստան Աշխարհի եւ համայն հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ մեր Հայրենիքի անսասանութեան եւ խաղաղութեան համար: Այնուհետեւ Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեանի անունէն իր խօսքը ներկաներուն հնչեցուց Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան, ըսելով .«Մեր միասնականութեան մէջ է այն լուսաւոր գալիքը, որ պիտի ուենայ մեր ժողովուրդը, մեր միասնական ջանքերուն շնորհիւ է նաեւ, որ շաբաթներ առաջ կրցանք կանգնեցնել Ատրպէյճանի հրոսակներուն կողմէ կազմակերպուած բարբարոսութիւններու տարածումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այլեւս երբեք թոյլ չենք տար, որպէսզի մեզ կոտորեն, որ մեզ հայրենազուրկ դարձնեն, այլեւս երբե՛ք»:  Ապա համայնքի երիտասարդները ներկայացուցին իրենց պահանջատիրական խօսքը` մէկ անգամ եւս յայտնելով, որ պատրաստ են Մայր Հայրենիքի հզօրացման եւ շէնացման համար  ընել ամէն բան, եւ որ իրենք տէր պիտի կանգնին իրենց միացեալ հայրենիքին` պայքարելով Հայ դատի արդարացի լուծման համար:

Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներ իրականացուած են նաեւ Արժանթինի Գորտոպա, Ռոսարիօ եւ Մար Տել Փլատա քաղաքներուն մէջ:

Ar2Ar3

Scroll Up