Ուրուկուէյի Պետական Համալսարանի Դասախօս Ալֆրետօ Կարապետ Վանեսկահեանը Եւ Մայրը Այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ուրուկուահայ լրագրող, գործարար, Ուրուգուէյի պետական համալսարանի դասախօս Ալֆրետօ Կարապետ Վանեսկահեանն ու մայրը` ռատիոհաղորդավար Լուիզա Քէուշքերեան-Վանեսկահեանը:

Վանեսկահեաններու ընտանիքը մէկ տասնամեակ կը ղեկավարէ Ուրուկուէյի 4 ռատիոկայաններ: Ալֆրետօ Վանեսկահեանի եղբայրը` Գուստաւոն, կը վարէ «Ով, ով է» (Who’s Who) հաղորդաշարը, որուն ընթացքին հարցազրոյցներ կ’իրականացնէ Ուրուկուէյի մէջ յայտնի քաղաքական գործիչներու հետ` երկրին մէջ մեծ արձագանք գտած տարաբնոյթ իրադարձութիւններու մասին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Վանեսկահեաններու ընտանիքի հայապահպան գործունէութիւնը Ուրուկուէյի հայ համայնքին մէջ: «Համոզուած եմ, որ առաջին անգամ Հայրենիք այցելելով եւ տեսնելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը` մեծ տպաւորութիւններով կը վերադառնաք հեռաւոր Ուրուկուէյ եւ այնտեղի հայութեանը կը ներկայացնէք ձեր տպաւորութիւնները», – նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ երկու երկիրներու` Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահներու ջերմ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան պատրաստակամութեան արդիւնքով ա՛լ աւելի մեծ թիւով ուրուկուահայեր  սկսած են այցելել հայրենիք: «Հեռաւոր Լատինական Ամերիկայի երկրներից մէկում գործող 4 ռատիոկայանների ղեկավարներն ու լրագրողական կազմն ամէն ջանք պիտի գործադրի Հայաստանն ու հայկական սովորոյթները ներկայացնելու համար, որի արդիւնքում աւելի մեծ թուով հայեր կ’այցելեն Հայաստան», – ըսաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը գոհունակութեամբ խօսեցաւ այն մասին, որ Ուրուկուէյի արեւելեան Հանրապետութեան ներկայիս նախագահ Խոսէ Ալպերթօ Մուխիքա Քորտանոն ցանկութիւն  յայտնած է 2015թ. Ապրիլ 24-ին այցելելու Հայաստան:

Գերատեսչութեան ղեկավարը կոչ ըրաւ, որ ուրուկուահայերը նոյնպիսի եռանդով աշխատին 2015թ. Մարտ ամսուն ընտրուելիք նախագահի այցը Հայաստան կազմակերպելու ուղղութեամբ: «Շատ կարեւոր է, որ Ապրիլի 24-ին` Ուրուկուէյի նորընտիր նախագահը` որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւնն առաջինն ընդունած պետութեան ղեկավար, լինի Հայաստանում»,- նշեց ան:

Նախարարը մայր եւ որդի Վանեսկահեաններուն յանձնեց «Անմոռուկի» կրծքանշանը եւ աւելցուց, որ 300 հատ պիտի առաքուի Ուրուկուէյ, որպէսզի 2015թ. Ապրիլին Ուրուկուէյի խորհրդարանի պատգամաւորները կրեն ատոնք` հաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն համամիտ ըլլալու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Լուիզա Քէուշքերեան-Վանեսկահեան ըսաւ, որ հիացած է Հայրենիքով եւ ափսոսանք յայտնեց, որ մինչ այժմ չէ այցելած Հայաստան:

«Մենք Ուրուկուէյի մէջ կրցած ենք սէր արթնցնել հայկական աւանդոյթներու եւ յատկապէս հայկական խոհանոցի հանդէպ: Ուրուկուայցիները լաւ գիտեն, որ հայերը առաջինը  ընդունած են քրիստոնէութիւնը` որպէս պետական կրօն, եւ այնտեղ ապրող իւրաքանչիւր հայ կ’երազէ իր աչքերով տեսնել առասպելական Արարատ լեռը»,- նշեց տիկին Լուիզան:

Լուիզա Քէուշքերեան-Վանեսկահեան ՀՀ սփիւռքի նախարարին փոխանցեց ուրուկուահայերու ձեռքով պատրաստուած յուշանուէրներ:

Ալֆրետօ Կարապետ Վանեսկահեան իր հերթին ուրախութեամբ աւելցուց, որ համայնքին մէջ ամէն ինչ կ’ընեն Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններն ըստ արժանուոյն կազմակերպելու համար, իսկ ռատիոկայաններն անդադար կ’աշխատին Ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատճառները ներկայացնելու ուղղութեամբ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը Ուրուկուէյի ռատիոկայաններով տարածելու նպատակով հիւրերուն նուիրեց 11 խտասալիկ, ուր տեղ  գտած են հայկական երգեր, պարեր, Վարդուհի Վարդերեսեանի` արեւմտահայերէն ընթերցմամբ, եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններու ձայնասկաւառակներ, ինչպէս նաեւ «Արարատից Եւրոպա» եւ «Լեռնային Ղարաբաղ» ֆիլմերու խտասալիկներ, Հայաստանի տեսարժան վայրերը պատկերող լուսանկարներ եւ «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ռատիոլրագրողներուն նաեւ կոչ ըրաւ առաւել յաճախ այցելել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջ եւ «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերական:

Scroll Up