«Կ’աղօթեմ, Որ Գերտերութիւններու Շահը Չի Վտանգէ Հայաստան Աշխարհը». Լենա Հալաճեան
Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով մեր հայրենակիցներէն շատերը հանգրուանեցին Հայրենիքի մէջ. անոնցմէ մէկն ալ «Սուրիահայերու խնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Լենա Հալաճեանի ընտանինքն է:
Տիկի՛ն Լենա, անցեալ տարի մենք առիթ ունեցանք զրուցելու, եւ մեր զրոյցի թեման հիմնականին մէջ սուրիահայերու խնդիրներու համակարգման աշխատանքներուն կը վերաբերէին. այսօր զրոյցի թեման այլ է` հայրենադարձութիւնը: Եր՞բ եւ ինչպէ՞ս կայացուցիք այդ որոշումը:
Մեր հայրենադարձուելու անմիջական պատճառը պատերազմական գործողութիւնները եղան, սակայն, մինչ այդ, ամուսինս առեւտրային գործարար կապերով յաճախ կու գար Հայաստան: Ան Սուրիայէն անհրաժեշտ ապրանք կը բերէր Հայաստան, իսկ Հայաստանէն Սուրիա կը տանէր զանազան թելեր, որմով Սուրիոյ մէջ կը գործուէին տարբեր հագուստներ եւ կը բերուէին Հայաստան: Մենք Հայաստանը կը սիրէինք հեռուէն, կը հպարտանայինք մեր Հայրենիքով (Դուք, անշուշտ, գիտէք, թէ որքան հայրենասէր է մեր համայնքը), սակայն հայրենադարձուելու մասին չէինք մտածեր, որովհետեւ խաղաղութիւն կը տիրէր երկրին մէջ, կ’ապրէինք բարեկեցիկ կեանքով, ընտանիքին մէջ մէկ հոգիի աշխատանքը կը բաւարարէր 6-7 հոգինոց ընտանիքին` լաւ ապրելու համար: Աւելցնեմ նաեւ, որ տեղափոխուելու մասին մտածել չէինք կրնար մեր մեծերուն համար, որովհետեւ անոնց համար շատ դժուար պիտի ըլլար կտրուիլ իրենց ծննդավայրէն, ձգել հարազատ տունը… Մեր հայրենադարձուելու պատճառը պատերազմն էր: Միչնեւ հիմա ամուսնուս ծերունազարդ 92-ամեայ մայրը ամէն գիշեր կը հարցնէ. «Կարօ՛, ի՞նչ լուր, մեր տուներուն բան մը պատահած կա՞յ, թէ՞ ապահով է… Եր՞բ պիտի երթանք արդեօք մեր տան տիրութիւն ընենք»: Չորս երեխաներս պատերազմէն առաջ արդէն կ’ուսանէին Ամերիկայի մէջ. աւագ որդիս Ամերիկայի մէջ ուսումը աւարտած եւ նոր վերադարձած էր Հալէպ, երբ սկսաւ պատերազմը: Մենք տեղափոխուեցանք Հայաստան, եւ ինք հիմա մեզի հետ է: Հայրենադարձուեցանք 2012-ի ամառը: Հայաստանի մէջ մեզի շատ ջերմութեամբ ընդունեցին. ատիկա ուրանալ չի կարելի, մոռնալու բան չէ:
Մինչ Հայաստան հաստատուիլը ի՞նչ կ’աշխատէիք Սուրիոյ մէջ:
Մինչ այդ ես Սուրիոյ հայկական համայնքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդականն էի եւ միշտ կապի մէջ էի նախարարութեան հետ: Մենք ծանօթ էինք նախարարութեան ծրագիրներուն, ամբողջ համայնքին կը ծանօթացնէինք այդ ծրագիրներուն եւ կ’ապահովէինք համայնքի անդամներու մասնակցութիւնը զանազան ձեռնարկներուն: Երբ տեղափոխուեցանք Հայաստան, միշտ կ’այցելէինք Սփիւռքի նախարարութիւն, փորձելով մեր մասնակցութեամբ օգնել, նպաստել տարբեր ծրագիրներու իրականացման: Մեր այդ խումբն ալ յետագային դարձաւ այս կեդրոնի կորիզը: Հաստիքով ունինք մշտական երեք աշխատող` հաշուապահ, իրաւաբան, քարտուղար, միւսները սիրողական, հասարակական հիմունքներով կ’աշխատին:
Հայրենիքի մէջ ունիք տուն, աշխատանք, ընկերներ, ծանօթներ, հարազատներ, իսկ կարօտախտի զգացումը Ձեզ երբեմն չի՞ տանջեր:
Մենք Հալէպի մէջ կ’ապէինք Ազիզիէ թաղամասին մէջ. տուն ունէինք, որ, փառք Աստուծոյ, դեռեւս կանգուն է, աշխատանք, հարազատութիւն… Այստե՛ղ ալ մեր տունը ունինք (մինչ մեր տեղափոխուիլը արդէն ամուսինս տարածք գնած էր, երկու տարի վարձով ապրելէ ետք տուն կառուցեցինք այդ տարածքին վրայ եւ տեղափոխուեցանք), բայց, ինչ խօսք, թախիծն ու կարօտը յաճախ կ’այցելեն մեզ. ծննդավայրը ոչ միայն երազի մէջ, այլեւ արթուն ժամանակ միշտ աչքերուս առջեւ է:
Երբ պատերազմական գործողութիւններն աւարտեն, լիարժէք խաղաղութիւն տիրէ Ձեր ծննդավայրին մէջ, կը վերադառնաք Սուրիա՞, թէ՞ կը մնաք Հայաստան:
Ես այստեղ ոչ մէկ գանգատ չունիմ, սակայն, կը կարծեմ, որ Հայրենիքի մէջ իրենց կեանքը շարունակողները օր մը պիտի ուզեն վերադառնալ Սուրիա. չէ ՞ որ ձգած են իրենց տունը, ունեցուածքը, յիշատակները…
Ին՞չ կը կարծէք` այդ վերադարձի բուն նպատակը լոկ ծննդավայրի կարօ՞տն է, թէ՞ նաեւ այդ մեծ, կայացած, աւանդոյթներով հարուստ, մշակութային, կրթական կառոյցներով հայկական գաղթօճախի, համայնքի կորուստի երկիւղն է:
Անկեղծ ըսեմ` առաջինը այդ առարկայական վերադարձն է, յետոյ` (Աստուած չընէ) համայնքի, գաղթօճախի կորուստի մտորումներով նաեւ պայմանաւորուած է վերադարձի ցանկութիւնը: Ամէն ինչ կախուած է խնդրի քաղաքական լուծումէն. եթէ խաղաղութիւն չհաստատուի, ո՞վ կը ցանկայ ապրիլ վտանգի, մահուան վախով:
Տիկի՛ն Հալաճեան, ի՞նչ մասնագիտութիւն ունիք, Ձեր մասնագիտութեամբ երբեւէ աշխատա՞ծ էք:
Ես բանասէր եմ, աւարտած եմ Հալէպի համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժինը: Իմ մասնագիտութեամբ չեմ աշխատած, հիմնականին մէջ հասարակական աշխատանք կատարած եմ. Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կրկնակի վեթերան-անդամ եմ (համարեայ 43-44 տարի), եւ ամբողջ կեանքս միութիւնն ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան <<Լազար Նաճարեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան>> երկրորդական վարժարանը եղած է. ես այդ դպրոցի կրթական յանձնախումբի ատենադպիրը եղած եմ, ինչպէս նաեւ եղած եմ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդական թեւի գործադիր մարմնի անդամ, նաեւ` Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի:
Կը ցանկայի՞ք դասաւանդել, չէ՞ որ անգլերէնի գրականութեան մասնագէտ էք:
Ինքզինքս այդ ոլորտին մէջ չեմ տեսներ: Աւելի շատ նախընտրած ու կը նախընտրեմ լրագրողական աշխատանքը: Սուրիոյ մէջ չենք ունեցած ազատ մամուլ, այստեղ այդ խնդիրը չկայ, սակայն ինծի համար շատ կարեւոր է ազատութեան սահմանները չանցնիլը, այդ սահմաններու գերազանցումը կրնայ վտանգել ազգային շահերը: Ազատութիւնը պէտք չէ շփոթել ամենաթողութեան հետ:
Ձեր արմատները ուրկէ՞ են եւ ի՞նչ աւանդոյթներ պահպանուած են Ձեր ընտանիքէն ներս այդ ակունքներէն:
Ծնողներս արմատներով Այնթապէն են, ամուսնուս հօր կողմը նոյնպէս այնթապցի է: Սուրիահայ համայնքի ընտանիքներուն մէջ հիմնական պահպանուած են նահապետական աւանդոյթները: Ես շատ կարեւոր կը համարեմ մեծերու հանդէպ յարգանքը. այդ աւանդոյթը կայ մեր ընտանիքէն ներս: Ես սիրով խնամած եմ հօրս, մօրս, կեսրայրիս, հիմա ալ` 92-ամեայ կեսուրիս, որ, անշուշտ, ունի խնամքի, օգնութեան կարիք:
Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներու հայութիւնը շատ հայրենասէր է, աւանդապահ, հաւատքով: Այստեղ տեղափոխուած սուրիահայերը արդեօք կը շարունակե՞ն յաճախել եկեղեցի, մասնակցելու պատարագներուն:
Եթէ Դուք կիրակի մը երթաք Էջմիածին, կը հանդիպիք մեծ թիւով սուրիահայերու, որոնք ջերմեռանդօրէն կը մասնակցին պատարագին. սուրիահայերը առանձնակի սէր կը տածեն Էջմիածնի հանդէպ: Ըսեմ, որ այս հաւատացեալ համայնքը կրնայ աղանդներու դէմ պայքարին օգնել եկեղեցւոյ:
Տիկի՛ն Լենա, ի՞նչ բառով, արտայայտութեամբ բարձրաձայն կամ մտքի մէջ կը յիշէք Հալէպը…
Ոչ միայն ես կ’ըսեմ ու կը յիշեմ, այլեւ շատ սուրիահայերէ հազար անգամ լսած եմ` «մեղք եղաւ Հալէպը, մեղք եղաւ Սուրիան…»:
Ձեր հասարակական աշխոյժ գործունէութեան համար որեւէ պարգեւի արժանացա՞ծ էք:
Մեր խղճի գնահատականը ամենամեծ պարգեւն է, մենք չենք սպասեր պարգեւներու կամ շքանշաններու, սակայն երախտագիտութեամբ պիտի ըսեմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կողմէ շնորհակալագիր ու մետալ ստացած ենք:
Ամանորի առիթով ինչ-որ բան կը նախատեսուի՞ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայ երեխաներուն համար:
Արդէն 3 տարի սուրիահայերու երեխաներն Ամանորի առիթով կը հիւրընկալուին նախագահական նստավայրին մէջ, նուէրներ ու քաղցրաւենիք կը ստանան. այս տարի ալ աւանդոյթը պիտի շարունակուի: Կայ նաեւ նոր նախաձեռնութիւն մը` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» Ելեկտրոնային պարբերականը եւ մեր հասարակական կազմակերպութիւնը «100 յայտնիներ սուրիահայ 100 երեխաներու համար» ծրագիր կ’իրականացնեն, որուն ծիրէն ներս Ամանորի առիթով պիտի օգնեն եւ շնորհաւորեն Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի ծայրամասերուն մէջ բնակող ոչ բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող, սուրիահայ անապահով ընտանիքներու երեխաները:
Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայաստանը ապագային:
Նախ` կը մաղթեմ ամենայն բարիք Հայաստանին: Ամէն ինչ չէ, որ կախուած է Հայաստանէն. կան քաղաքական այլեւայլ խժդժութիւններ, շահեր` ամբողջ աշխարհի մակարդակով, ուստի կ’աղօթեմ, որ յանկարծ գերտերութիւններու շահը չվտանգէ Հայաստան աշխարհը, չըլլայ այն, ինչ պատահեցաւ Սուրիոյ: Սուրիական հարցը համահայկական ճգնաժամ է. տուժեց Մայր գաղութը: Արդէն 3-րդ տարին է, որ պատերազմ է, սակայն, ցաւօք սրտի, նման հարցերու մէջ չունինք տեսլական եւ չկան շատ արագ, գործնական քայլեր:
Վերջին եւ աւանդական հարցը, որ կու տամ իմ զրուցակիցներուս` ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:
Հայրենիքը ինծի համար սրբութիւն է, որն ամէն գինով պէտք է պահպանել: Մենք Հայաստան մը արդէն կորսնցուցած ենք, իրաւունք չունինք մէկն ալ կորսնցնելու:
Կարինէ Աւագեան