Եփրեմ Պաղ. «Մեր Արմատները Սասունի Մէջ Են Ու Դժուար Է Այդ Արմատէն Պոկուիլը…»

Եփրեմ Պաղը ոսկերիչ է, «Bag» ոսկերչական ընկերութեան նախագահը: Եւ այն երջանիկ հայերէն մէկը, որ ծնած է Սասունի մէջ.

– Սասունի Նիճ գիւղին մէջ  ծնած եմ`1957 թուականին: 15 տարի Սասունի մէջ ապրած եմ, այնուհետեւ տեղափոխուած եմ Պոլիս:

– Սասունի մէջ հայեր շա՞տ կան:

– Շատ, ամէն գիւղի մէջ 50-60 տուն կայ, որմէ 15-20 տունը հայ են: Սասունի մէջ գիւղեր կան, ուր բոլորը  հայ են: Սակայն, յատկապէս վերջին տարիներուն շատերը տեղափոխուեցան Պոլիս, մէկ մասը քրտացաւ:

– Անոնք հայերէ՞ն կը խօսին:

– Այո, Սասնոյ բարբառով:

– Ցեղասպանութենէն ետք ինչպէ՞ս մնացած են Սասունի մէջ:

– Անմատչելի է Սասունը, ամէնուր սարեր են, այդ պատճառով հայերը շատ չկոտորուեցան: Եւ իւրաքանչիւրն իր պատմութիւնը ունի, կենդանի մնալու, ապրելու իր ոդիսականը: Բայց մէկ բան բոլորին համար ընդհանուր եղած է` դժուարութիւնները: Ցեղասպանութենէն ետք շատ դժուար էր Սասունի մէջ շարունակել ապրիլ:

Շատերուն քիւրտ աղաներ  փրկած են, պահած, պաշտպանած: Հայերը լաւ արհեստաւորներ են, իսկ անոնց այդպիսի մարդիկ հարկաւոր եղած են, այդ պատճատով ալ օգնած են թաքնուելու:

Մեր պապերը երեք օր իրենց համար  կ’աշխատէին, չորս օր` գիւղի քիւրտ աղաներուն: Անոնք ուրիշ ճամփայ չունէին, ուրիշ տեղ փախչելու ճար չունէին: Իրենց կեանքի գինով շարունակած են ապրիլ, մէկ մասն ալ կրօնափոխ եղած է:

Այսպէս կը յիշեմ իմ մանկութիւնս:

– Ըսիք, որ մէկ մասը կրօնափոխ եղած է, միւսները` ոչ: Հետաքրքիր է, ինչու՞:

– Գործող եկեղեցի չէ եղած, որ կրնար մարդոց միաւորել: Կրօնափոխ կ’ըլլային նաեւ երբ քիւրտերը մեր աղջիկներուն կը փախցնէին:

Այն ժամանակ ինքնաշաժ, օդանաւ չկար, որ կը հեշտացնէր մարդոց տեղաշարժը: Շատերը  սպաննուած են: Իսկ երբ կեանքի ու մահուան ընտրութեան առջեւ  կանգնած են, շատերը նախընտրած են կրօնափոխ ըլլալ, բայց կենդանի մնալ: Ու անոնց ոչ մէկը մեղադրել չի կրնար:

Ու երբ այսօր անոնց կը հարցնես, թէ Ձեր պապերը  հայ եղած են, քրիստոնեայ, ինչու դուք կրօնափոխ եղաք, կ’ըսեն, որ  արդէն վարժուած են այդ ձեւով ապրելու, թէեւ գիտեն, որ հայ են: Մէկ մասը, թէկուզ կրօնափոխ են, բայց կը պահեն իրենց հայկականութիւնը:

Օրինակ` իմ մեծմօր եղբօր ընտանիքը քրտացած է եւ այսօր անոր ընտանիքը մօտ 200 անդամ ունի: Անոնց մօտ, սակայն, չի գրուած օրէնք մը կայ. իրենց երեխաները իրար հետ կ’ամուսնացնեն, քիւրտերուն աղջիկ չեն տար, որ «դուրս» չերթան:

-Իսկ կը շարունակե՞ն Սասունի բարբառով խօսիլ:

– Միայն մեծերը:

– Դուք ինչպէ՞ս որոշեցիք Պոլիս տեղափոխուիլ:

– Երբ տարիներ առաջ Մուշի մէջ երկրաշարժ եղաւ, շատերը հեռացան Պոլիս, մենք անոնց մէջ էինք: Այլապէս, յատկապէս այդ տարիներուն, չէինք կրնար Սասունէն Պոլիս տեղափոխուիլ:

Բայց Սասունի մէջ գտնուող մեր հողերը չենք վաճառած: Բոլոր հայերուն հողերը Սասունի մէջ են, անգամ մեր ծննդեան վկայականները  Սասունի մէջ ձգած ենք:

– Պոլսոյ կեանքին հե՞շտ յարմարեցաք:

– Ոչ, 42 տարի է` Պոլսոյ մէջ կ’ապրիմ, բայց դեռ չեմ վարժուած:

– Ինչու՞:

– Չեմ գիտեր: Մեր արմատները Սասունի մէջ են ու դժուար է այդ արմատէն պոկուիլը:

– Փաստօրէն, կարօտ ունիք Սասունին:

– Ինչպէս կրնաս չկարօտնալ: Կարօտցած եմ սարերը, ձորերը, օդը, Սասունի ամէն ինչին կը կարօտնամ: Ճանապարհները շատ վատ են, բայց տարին  քանի մը անգամ կ’երթամ, 5-6 օր կը մնամ ու կը վերադառնամ Պոլիս ու դարձեալ կը սկսիմ կարօտնալ Սասունը:

Սասունի գիւղերուն մէջ մարդիկ ելեկտրականութիւն չունին, ճանապարհները շատ վատ են, ապրելու պայմանները շատ ծանր, բայց, միեւնոյնն է` կը սիրենք Սասունի ամէն բանը, հեռուէն անգամ կը գրաւէ մեզի: Սասունի մէջ մենք եկեղեցիներ ունինք, Մարութա սար ունինք…

Սասունի մէջ անասնապահութեամբ կը զբաղէինք, արտ կը ցանէինք: Դուք պէտք է երթաք ու տեսնէք Սասունը: Մարդոց հետ խօսիք, անգամ քիւրտերը կը խօսին հայերու ով ըլլալու մասին: Այն ատեն կը հասկնաք սասունցիին:

– Հայկականութեան շունչը կը զգացուի՞:

– Ինչպէ՞ս կրնայ չզգացուիլ: Այնտեղ առ այսօր հայերը կը շարունակեն ապրիլ: Սարերու, դաշտերու, աղբիւրներու անունները դեռ հայկական են: Բայց…, եթէ անցեալին քիւրտերը քիչ էին, հիմա շատցած են: Մեր տեղը անոնք զբաղեցուցած են:

– 1915 թուականէն առաջ ի՞նչ  եղած է Ձեր ազգանունը:

– Շառոյեան  եղած է: Բայց յետոյ դարձած է` Պաղ, որ այգի կը նշանակէ:

– Իսկ ոսկերչութեամբ ինչպէ՞ս սկսաք զբաղիլ:

– Պոլսյ մէջ հայերը հիմնական ոսկերչութեամբ կը զբաղին: Ես ալ այդ ճամփով գացի, իսկ արդէն 1986 թուականին հիմնադրեցի «Bag» ոսկերչական ընկերութիւնը:

– «Սասուն» միութիւնը, որուն անդամ էք դուք, ե՞րբ  ստեղծուած է:

– Երեք տարի առաջ  ստեղծուած է, Համահայկական խաղերու ժամանակ: Միութիւնը տարբեր նպատակներ կը հետապնդէ, բարեգործական նախաձեռնութիւններ կ’իրականացնէ, հայերէնի ուսուցման դասընթացներ կը կազմակերպէ: Բայց ամենակարեւորը` մարդոց միաւորելն է:

Պոլսոյ մէջ 70 հազար հայ  կ’ապրի, 20 հազարը սասունցի են: Բոլորը կապուած են իրարու, մէկը միւսին կը ճանչնայ, կ’աջակցի:

– Ձեր մեծ ծնողներէն ի՞նչ լսած էք:

– Հայրիկիս մայրիկը կը պատմէր, որ ընտանիքի 64 անդամներէն երկուքը  փրկուած են: Բոլորին սպաննած են ու շատերուն մահը իր աչքով  տեսած է: Շատ դաժան օրեր տեսած է: Այդ մասին ամէն օր կը յիշէր ու կ’արտասուէր:

Ես մեծմօրմէս շատ բան սորված եմ: Ան քահանայի աղջիկ եղած է ու շատ բան գիտէր: Հայկական ամէն բան կը յիշէր ու կը փորձէր պահել:

– Հայաստան յաճա՞խ կ’այցելէք:

– 20 տարի առաջ  առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ: Իսկ վերջին տաս տարին գրեթէ ամէն ամիս կու գամ:

Երգ մը կայ, կը յիշէ՞ք` Քոյրիկ ասա´, որն է ճամփան Պինկէօլի: Առաջ ո՞վ գիտէր Հայաստանի ճամփան, Պոլսոյ ճամփան անգամ չէինք գիտեր:

1974 թուականին հօրեղբայրս Հայաստան եկաւ, հանդիպեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող մեր հարազատներուն: Այսօր ալ, Էջմիածինի Ապագա գիւղին մէջ ապրող հարազատներ ունինք:

Բայց այսուհետ մեր ճամփան Հայաստանն է: 15 տարի Սասունի մէջ  ապրած եմ, 42 տարի` Պոլսոյ մէջ: Կը ցանկամ մնացած տարիներն ալ Հայաստանի մէջ ապրիլ: Շատ դժուարութիւններ տեսած ենք, անգամ հիմա ալ Պոլսոյ մէջ հեշտ չէ ապրիլը: Դրամ ունինք, աշխատանք, բայց կեանքը միայն ատիկա չէ: Չունինք ամենակարեւոր բանը` ապահովութիւն: Ցանկութիւնս է, որ այսուհետ մեր կեանքը աւելի լաւ ապրինք: Մեր բարեկամներէն շատերը կը ցանկան Հայաստանի մէջ ապրիլ, կը սիրեն Հայաստանը:

Պոլսոյ մէջ ոսկերչական արտադրամաս ունինք: Հայաստանի մէջ ալ կրնանք նոյն գործը հիմնել: Անպայման Հայաստան պիտի գամ…

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Բաղ

Scroll Up