Երէկ Ուսանողներու Միջազգային Օրն էր. Սփիւռքի Նախարարութիւնը Եւս կը Շնորհաւորէ

Նոյեմբեր 17-ին ողջ աշխարհը կը նշէ Ուսանողութեան միջազգային օրը։ Վերջին մի քանի տարիներուն Հայաստանի մէջ նոյնպէս կը տօնեն այս օրը։


Տօնի առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուած էին շարք մը ձեռնարկներ, որուն կը մասնակցէին տարբեր համալսարաններու ուսանողներ: Ի դեմս Սփյուռքահայ ուսանողներու խորհուրդի՝ տօնական ձեռնարկներուն կը մասնակցին նաեւ երեւանեան համալսարաններու սփիւռքահայ ուսանողները: Ի դէպ, Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդը այս տարի իրականացուցած է շարք մը կարեւոր ձեռնարկներ, որոնց համար Մարտին «Հայապահպանութեան գործի մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցոյթին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն շնորհուած է երկրորդ կարգի տիպլոմ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհաւորեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող բոլոր հայ ուսանողները` մաղթելով աւելի մեծ եռանդ ու պատասխանատւութիւն` հայի ինքնութիւնը վառ պահելու եւ հայապահպանական ծրագիրներու իրականացման կարեւոր գործին մէջ:

1939թ. Նոյեմբեր 17-ին ֆաշիստները շրջափակեցին Պրահայի համալսարանի ուսանողական հանրակացարանը եւ մօտ 1200 ուսանողներ գերեվարեցին համակեդրոնացման ճամբար: Այդ նոյն օրը, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, 9-ը ուսանող մահապատիժի ենթարկուեցաւ: Աւելի ուշ` 1946 թուականի Նոյեմբեր 17-ին, Պրահայի մէջ Ուսանողներու համաշխարհային քոնկրէսը այդ օրը հռչակած է Ուսանողութեան միջազգային օր:


Այսօր արդէն Նոյեմբեր 17-ը կը համարուի ուսանողներու խորհրդանշական համախմբման օր: Անոնք այդ օրը լիաթոք կ’ուրախանան` մոռնալով յառաջիկայ ստուգարքներու եւ քննութիւններու մասին:

Scroll Up