Կարէն Գէորգեան. «Ղրիմի Մէջ Ամէն Ինչ Կ’ընեն Հայկական Պարարուեստը Պահպանելու Եւ Զարգացնելու Ուղղութեամբ»

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Բերդ» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Կարէն Գէորգեան մեկնած էր Ուքրանիա` ծանօթանալու համար տեղի հայ համայնքներէն ներս  գործող  պարախումբերու գործունէութեան եւ  առկայ խնդիրներուն,  ինչպէս նաեւ վարպետութեան դասեր իրականացնելու պարուսոյց-մանկավարժներու հետ:

Պարոն Գէորգեան Ղրիմ կատարած այցելութեան մասին հետեւեալը պատմեց. «Նախ ըսեմ, որ այցելութիւնս Ղրիմ խիստ նպատակային կը համարեմ, քանի որ այնտեղի հայերը պարզապէս կտրուած են հայ մշակոյթէն` չնայած այն հանգամանքին, որ համայնքը անոնց հայ հող ու ջուրին կառչած մնալու եւ Հայաստանի հետ կապը չկորսնցնելու ուղղութեամբ ջանք ու եռանդ չի խնայեր այնպիսի մշակոյթի նուիրեալներու շնորհիւ, ինչպիսին են Վահան Երմիշեան, Արամ Գրիգորեան եւ ուրիշներ: Արամ Գրիգորեան Ղրիմի մէջ գործող «Արարատ» պարային խումբի գեղարուեստական ղեկավարն է, որ անմնացորդ ձեւով Ղրիմի մէջ հայկական պարերու ամէնամեայ միջազգային փառատօնը կը կազմակերպէ:  Այդուհանդերձ, անոնք նոյնպէս բազմապիսի դժուարութիւններու կը  հանդիպին տարբեր ոլորտներու մէջ, իսկ այդ դժուարութիւններու յաղթահարման միակ միջոցը տարբեր մասնագէտներով համայնքը համալրելն է, որուն մէկ մասն ալ պարարուեստը կը  կազմէ»:

Կարէն Գէորգեան Ղրիմ գտնուելու հինգ օրերուն ընթացքին վարպետութեան դասեր  իրկանացուցած է «Արարատ» պարային համոյթի մասնակիցներուն հետ: Պարուսոյցը կը նշէ, որ այդ կարճ ժամանակահատուածին պարային գիտելիքներու մեծ պաշար  փոխանցած է անոնց, նոյնիսկ հասցուցած է բեմադրել Վասպուրականի ազգագրական պարերու շարան` Քերծի, Շատախի Շամ-Քելեցի պարերը: Պարոն Գէորգեան անակնկալի  եկած է` գիտնալով որ «Արարատ» պարային համոյթի պարուսոյց-փորձավարը ազգութեամբ ուքրանուհի է, որ պարզապէս սիրահարուած է հայկական պարարուեստին: «Պէտք է տեսնէիք, թէ ան ինչ ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով   երեխաներուն հայկական պարերը կը սորվեցնէ, իսկ ինծի անընդհատ հարցուփորձ կ’ընէր պարերու մասին եւ կը խնդրէր, որ հնարաւորինս շատ պարային շարժումներ սորվեցնեմ. միասին պայմանաւորուած ենք նաեւ, որ ան  Հայաստան այցելէ` հեռակայ ուսուցում ստանալու Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Մշակոյթի բաժանմունքի Պարարուեստի մանկավարժութեան  բաժինին մէջ . ատիկա աւելի պիտի օգնէ իրեն ձեռքը հայկական մշակոյթի զարկերակին պահելու համար»,- ըսաւ Կարէն Գէորգեան:

Ինչպէս պարզ դարձաւ, «Արարատ»-ը 2016 թուականին պիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին, որ պարուսոյցը կարեւոր նուաճում կը  համարէ: Պարոն Գէորգեան, տեսնելով ղրիմահայերու սրտացաւ մօտեցումը հայ մշակոյթին, մասնաւորապէս` պարի հանդէպ, հիմա աներկբայ կը հաստատէ, որ Ղրիմի մէջ ամէն ինչ կ’ընեն հայկական պարարուեստը պահպանելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ:

Անոր յաջորդ կանգառը Եալթան եղած է, ուր այցելած է Եալթայի Սուրբ Հռիփսիմէ հայկական եկեղեցին: Տեսնելով եկեղեցւոյ բակին մէջ մէկտեղուած հայերու բազմութիւնը` պարուսոյցի յուզումը անսահման եղած է:

Վերադառնալով Սիմֆերոպոլ` Կարէն Գէորգեան հրաւէր  ստացած է մասնակցելու Գրասնոտարի «Նարեկ» կրթամշակութային միութեան հիմնադրման տասնամեակին նուիրուած ձեռնարկին. «Գոյութեան տաս տարիներուն ընթացքին այս հաստատութիւնը ապացուցեց, որ հայը ուր որ ալ ըլլայ, ստեղծարար, արարող է եւ անկոտրում կը պահէ հայ մշակոյթի ոգին. ատոր վառ ապացոյցն է Մուսինեան ընտանիքի անձնուէր աշխատանքը «Նարեկ» կրթամշակութային միութեան մէջ` Ամալեայ Մուսինեանի ղեկավարութեամբ: Նշեմ նաեւ, որ  ձեռնարկին հրաւիրուած էր նաեւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան»,-ըսաւ Կարէն Գէորգեան:

Մինչ Եալթա մեկնիլը պարոն Գէորգեանի ղեկավարած  «Բերդ»  պարային համոյթը երեք բացառիկ ելոյթներ ունեցած է Թեհրանի մէջ: Համերգն իր ներկայութեամբ պատուած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինը: Ի դէպ, այցելելու հրաւէրը ստացած են «Զարթօնք» պարախումբէն եւ «Սիփան» մշակութային միութենէն:

Վերջաւորութեան Կարէն Գէորգեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ուղղուած շնորհակալութեան խօսքին մէջ շեշտեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ հանդէս  եկած է հայկական սփիւռքին մէջ հայ մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու առաքելութեամբ, այնտեղ գտնուելու օրերու ընթացքին ծանօթանալով հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ` հասկցայ, որ անոնք հայոց պետականութեան աջակցութեան կարիքը ունին, յատկապէս Սփիւռքի նախարարութեան օգնութեան կանչին կը հետեւին… »:

                                                                                                                                                               Գէորգ  Չիչեան

Миндиаспора-К.Геворкян-1

01 02 03 04 05 06 07 08

Scroll Up