Ֆրանսահայ Լրագրող Գրիգոր Ամիրզայեանը Սփիւռքի Նախարարութեան Յուշամետալ Կը Ստանայ

Ֆրանսահայ ճանչցուած լրագրող, ծաղրանկարիչ Գրիգոր Ամիրզայեանը Նոյեմբեր 14-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեանէն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալ պիտի ստանայ: Պարգեւի յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական Տրոմ բաժանմունքի Պուր-լը Վալանսի  քաղաքապետարանին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութենէն:

Գրիգոր Ամիրզայեան ծնած է Սուրիա եւ երկար տարիներ է, որ  կ’ապրի Ֆրանսայի մէջ: Անոր յօդուածներն ու ծաղրանկարները հրապարակուած են հայաստանեան եւ սփիւռքեան շարք մը պարբերականներու մէջ:

Scroll Up