Կարինէ Պօղոսեանի դաշնակիի մենահամերգը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/unnamed-41.jpg)
Անծանօթ անուն մը չէ, անկասկած, նիւ եորքաբնակ տաղանդաւոր դաշնակահարուհին։ Ան արդէն իսկ պարտադրած է իր անունը դասական երաժշտութեան լայն շրջանակներու մէջ եւ գրաւած` միւս կողմէն իր հայրենակիզներուն տաքուկ վերաբերմունքը։ Ու այսպէս ալ, առաջին անգան ըլլալով ան կ’ունենայ ելոյթ Հայ Աւետարանական մեր համայնքի շրջանակէն ներս, ներկայացնելով իր յայտագիրը «Փարիզեան մթնոլորտ»ով մը, որ անպայմանօրէն ալ ֆրանսացի երաժիշտներու գործերը չեղան մեկնաբանուած։
Հոկտեմբեր 26, 2014, Կիրակի օր կէսօրէ ետք, Մենհեթընի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ ան ներկայացաւ սքանչելի յայտագիրով մը. Շոփենի «Նոքթուրն»ով, Գլոտ Տէպուսիի երկու կտոր «Լ’Էսթամբէ»ով, Կոմիտասի «Վեց պարեր դաշնամուրի համար»ով, Իկոր Սթրավինսքիի ռուսական պարի «Փեթրուքա»ով եւ Մանուէլ տը ֆայայի «Անտալուզիան սերենալ»ով։ Բայց այս բոլոր յայտագիրը կապ ունի ներդաշնակօրէն ֆրանսական տպաւորապաշտ դպրոցին հետ. նոյնիսկ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը։ Փարիզեան մթնոլորտով, ու զանազան առիթներով գրուած ստեղծագործութիւններ են անկասկած այս բոլորը։ Մէկը միւսէն յայտնի ու ներկաներուն սիրտը գրաւող գործերով։ Բոլորն ալ միեւնոյն ներշնչումով, որ Կարինէինն է անկասկած։
Հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի որբերուն եւ հոգեկան հիւանդութիւններէ տառապող հայ մանուկներուն. ծրագիր մը, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակցչական Ընկերութիւնը նախաձեռնած է «Տաքուկ Վառարան մը» իւրայատուկ յայտագրով։
Եկեղեցւոյ հովիւը` Պատուելի Հայկ Խրլոբեան ունեցաւ յայտագրի աւարտին փակման խօսքն ու աղօթքը։
Խիստ քաջալերական է, անկասկած, հայ աւետարանականներու այս դասական երաժշտութեան նախաձեռնութիւնը, ուր Կարինէ Պօղոսեան անգամ մը եւս կրցաւ գերազանցել ինքզինք իր տաղանդով ու մեկնաբանութեամբ։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք