Երկու դասախօսութիւն Ճորճ Պուռնութեանի եւ Րիչըրտ Յովաննէսեանի կողմէ
Մէկ շաբթուան ընթացքին իրարյաջորդ երկու դասախօսութիւներ կազմակերպուեցան պատմութեան ծանօթ ամերիկահայ երկու յարգելի փրոֆեսէօրներու կողմէ, կազմակերպութեամբ` ՀԲԸՄի, ԹՄՄի, Ազգային Տեղեկատուութեան Ընկերակցութեան (Պոստոն) եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կողմէ։
ՃՈՐՃ ՊՈՒՌՆՈՒԹԵԱՆ
Առաջինը` տեղի ունեցաւ Ռուս-Իրանական յարաբերութիւններու նիւթով, Դոկտ. Ճորճ Ա. Պուռնուչեանի կողմէ, Հոկտեմբեր 17, 2014, Ուրբաթ երեկոյեան։
Հիւր բանախօսը ներկայացուց Արա Արազ, որ անցնող քանի մը տարիներուն կը կազմակերպէ նման հաւաքոյթներ ի մի բերելով նո´յն հեռանկարներն ու ազգային մտահոգութիւնները բաժնող քոյր կազմակերպութիւններ։
Նիւթը ունի իր յատկանշանական կապակցութիւնը ներկայ Հայաստանի կազմաւորման գործընթացին հետ։ Իր վերջերս հեղինակած «Թաւրիզէն մինչեւ Սէյնթ Փեթերզպուրկ – Իրանի ներում խնդրելու առաքելութիւնը, 1829ին« ունի պատմական գերակշռող ազդեցութիւն որքան 19րդ դարու ռուս-իրանական յարաբերութիւններուն, նոյնքա´ն եւ աւելի այսօր եւս կը մնան ի զօրու եւ կարեւոր։ Ու այդ երկու մեծ ժողովուրդներու խաչմերուկին վրայ կը շարունակէ մնալ մեր Հայաստանը։
1826-28 երկրորդ Ռուս.Իրանական Պատերազմի վաղորդայնին Ցարական Ռուսաստան Երեւանի եւ Նախիջեւանի շրջանները միացուց իր կայսրութեան կոչելով զայն Հայկական Նահանգ։ Հազարաւոր պարսկահայեր քաջալերուելով երկու պետութիւններու համաձայնութենէն կը գաղթեն դէպի նորակազմ հայկական այս նահանգը` դէպի պատմական Հայաստան. այսպիսով ալ արդէն կը խարսխուէր այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնիւնը Արեւելահայաստանի մէկ կարեւոր հողամասին վրայ։
Դասախօսը պատմական տուեալներու վրայ ծանրանալով, անդրադարձաւ նաեւ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին շատ աւելի անկեղծ գործակցութեամբ քան հայ-թուրքական վերապահութեամբ ստեղծուած կապերը երկու ժողովուրդներու բովանդակ իրենց պատմութեան ընթացքին։
Պուռնութեան աւագ դասախօս է պատմութեան «Այոնա» համալսարանի մէջ եւ հեղինակ` 28 գիրքերու։
ՐԻՉԸՐՏ ՅՈՎԱՆՆԷՍԵԱՆ
Երկրորդը`տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 30, 2014, Ուրբաթ երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ սրահը. նիւթ ունենալով` » Ճանապարհորդութիւն դէպի անցեալը»։ Տեսաերիզներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը կը ծանրանայ Կեսարիոյ հայաբնակ գիւղերու պատմութեան տուեալներուն, յարանուանական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ քաղաքական անցուդարձերուն հայութեան կեանքէն ներս։ Կեսարիոյ շրջանին մէջ կը գտնուէին շատ մը գիւղեր, ինչպէս` Թալաս, Էվերէք, Ֆենիսէ, Թոմարզա, Չոմախլու, Էֆքերէ եւ Կերմիր, ուրկէ մեծ թիւով մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ ու գրողներ ծնան եւ անոնցմէ շատեր եղան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ծանօթ անուններ։
Յովաննէսեանի այս գիրքին` «Հայեր Կեսարիոյ/Կայսերիի եւ Կապադովկիոյ մէջ» բովանդակութեան մէջ կը ներփակուի Վարդան Մաթոսեանի եւ Թինա Տէմիրճեանի աշխատասիրութիւնները։
Իսկ երկրորդ գիրքը` «Հայկական համայնքները Փոքր Ասիոյ մէջ» կը ներկայացնէ հայ կեանքը սկսած` Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ Իզմիթ, Ատապազար, Պարտիզակ … ու դեռ Պուրսա, Էսքի-Շեհիր, Քիւթահիա եւ Աֆիոն-Քարահիսար, ուր եւս մեծաթիւ հայկական համախմբումներ եղած էին իրենց ազգային կրօնական ու կրթական հաստատութիւններով։ Աշխատակցած են տաս գրողներ, որոնք պարփակած են հայութեան կեանքը նախ քան Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայացուցած` տարագրութեան տխուր ճանապարհը այս ժողովուրդին։
Ցուցադրուեցաւ նաեւ ժապաւէն մը «Տիգրանակերտի հայութեան վերջին բեկորները» եւ «Սեւ Ծովու հայախօս համշենահայերը»։
Երկու դասախօսութիւններուն ալ ներկաներու մեծ թիւ մը ապահովուեցաւ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք