Ստեփան Փարթամեանի «Yes, We Have Expanded» Կոթողային Հրատարակութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/1220partamian-200x300.jpg)
Մեր ժողովուրդի պատմագրութեան ամէնէն կարեւոր աշխատանքներէն է վաւերագրութիւնը, յատկապէս Սփիւռքի հայութեան պատմութեան վաւերագրութիւնը մեծ բաց մը եղած է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն բերած նպաստը՝ տուեալ երկիրներու մշակոյթներուն եւ քաղաքակրթութեանց, անծանօթ է ոչ միայն տուեալ երկիրներու ժողովուրդներուն, այլ նոյնքան եւ աւելին՝ մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն։
Ամենայն խոնարհութեամբ, բայց եւ մեծագոյն հպարտութեամբ կրնանք անմահն Պարոյր Սեւակին պէս ըսել. «Եթէ տիրել ենք, ձիրքերով միայն»:
Մեր ժողովուրդը աշխարհի երկիրներուն համար պարզապէս օրհնութիւն մը եղած է: Հայը ո՛ւր գացած է, իր անփոխարինելի լուման դրած է տուեալ երկրի մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան, գիտութեան, արուեստի, առեւտուրի, զինուորական, քաղաքական կամ բարեսիրական ասպարէզներու մէջ։
Լոս Անճելըս ապրող երիտասարդ հասարակական գործիչ Ստեփան Փարթամեան, միշտ ալ նորովի գաղափարներով եւ բարձրորակ ծրագիրներով հանդէս եկած է: Ան շուրջ 20 տարիէ ի վեր ունի մշակութային ծառայութեան հիմնարկ մը, ուր 50է աւելի հայկական բարձրորակ մեղեդիներու եւ երգերու ձայնասկաւառակներ (CD) պատրաստած է: Ան 20 տարիէ ի վեր հեռատեսիլի զանազան կայաններու վրայ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ իր «Ձեր Կարծիքը», իսկ յետագային՝ «Բարի Լոյս» օրական կէս ժամնոց յայտագիրը, իսկ Յունուար 2015ին «Բարի Լոյս»ը պիտի փոխարինուի «Ինչո՞ւ» անունով շաբաթական յայտագիրով:
Լոյս տեսած են անգլերէն եւ հայերէն վաւերագրական քանի մը հատորներ՝ Ստեփան Փարթամեանի հեղինակութեամբ: Իսկ այս մէկը երկու անգլերէն հատորներու միացումն է: Ան, հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, բազմաթիւ ճամբորդութիւններու մէջ է, հրապարակային ելոյթներ կ՛ունենայ հասարակական քանի մը կազմակերպութիւններու եւ հրատարակութիւններու առթիւ, նաեւ ձեռնարկներու եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ:
«Yes, We Have Expanded» անգլերէնով գրուած 800 էջնոց հսկայածաւալ հատորը կը պարունակէ շուրջ 200է աւելի ամերիկահայ մեծանուն հայերու անուններ՝ տալով անոնց հակիրճ կենսագրութիւններն ու ծառայութիւնները:
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, համեմատաբար ուրիշ փոքրամասնութիւններու, հայերը փոքր համայնք մը ըլլալով հանդերձ, գլխապտոյտ պատճառելու աստիճան գիտնականներ, համալսարանի դասախօսներ, արուեստագէտներ, գրողներ եւ մտաւորականներ տուած են:
Հաշուիչ մեքենաներու այս դարուս, շատ աւելի դիւրին է նման վաւերագրութիւններու աշխատանք իրականացնել, բայց եւ այնպէս, Փարթամեանի աշխատանքը ու այս հատորի պատրաստութիւնը մեծ ճիգ պահանջող, ժամանակ խլող եւ կեդրոնացեալ տքնաջան գործ մըն է, զոր Փարթամեան առանձինն կրցած է գլուխ հանել։ Ան ամերիկահայ անուանի ազգայիններու կարճ կենսագրութիւնը տուած է: Հոն նաեւ կը տեսնենք այս ազգայիններուն ստեղծագործութիւնները, նկարները եւ մենաշնորհի արտօնագիրները (patent), անշուշտ՝ եթէ անոնք նման վաւերագիրներ ունին։ Այս բոլորը հաւաքուած եւ շատ պարզ կերպով տրուած են մէկ հատորի մէջ:
Անշուշտ տակաւին շատ մեծ գործ կայ ըլլալիք այս վաւերագրութիւններուն մէջ, քանի որ այս հատորով տրուած անունները միայն մէկ փոքր մասնակին են Ամերիկա ապրող հայերու պատուաբեր ծառայութիւններուն:
Հատորը, «Who՛s Who»ի նման, ԱՄՆի մէջ ապրող մեծանուն հայերու նուիրուած բանասիրական եւ վաւերագրական գործ մըն է։
Ի պատիւ այս մեծանուն հայերուն, անոնց մեծ մասը պահած է իր իսկական հայկական պապենական անունները, առանց վախնալու, որ երկար կամ կարճ, դժուար կամ դիւրին հնչելի ըլլան անոնք տեղացիներուն համար. անոնք ճանչցուած են իրենց հայրենի անուններով: Օրինակի համար, խոհանոցային այլատեսակ, շուրջ 15 գործիքներ հնարող Սուրէն Աւետիքեանը իր մականունը պահած է, հակառակ անոր, որ Աւետիքեան հնչելը այդքան ալ դիւրին չէ օտարի մը համար: Նոյնն է պարագան Սարգիս Պարխուտարեանի, Ռուբէն Էքսէրճեանի, Էտուար Քէմքէմեանի, Մհեր Մխոյեանի, Աւետիս Զիլտճեանի, Օհաննէս Կէուքելէքեանի եւ բազմաթիւ նման անուններու տէր հայեր, հպարտօրէն կրած են իրենց ծնողներուն կողմէ տրուած անունները, առանց այլակերպելու զանոնք, բայց մանաւանդ՝ միշտ իրենց մականունի «եան»ը պահելով:
ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ, Գիտութեանց դոկտորի կոչում ունեցող բարերար դոկտ. Վարդգէս Մկրտիչեան քանի մը գիտական ստեղծագործութիւններու հեղինակ է: Առիթով մը, երբ իրեն հանդիպեցայ, հարց տուի, թէ ինք միշտ ա՞յս անունով գործած է ԱՄՆի մէջ, եւ չէ՞ գործածած ուրիշ անուն, որ դիւրին եւ հաճելի ըլլայ ամերիկացիներուն: Ան զարմացած պատասխանեց.
– Ասիկա ինծի ծնողքէս ժառանգ ձգուած է. հոս գալէս ի վեր, այս անունը գործածած եմ, քանի որ ասիկա անունս է ու մկրտութեան ատեն ինծի այս անունը տուած ենք,- եւ ապա շարունակեց,- մենք ամերիկացիներու դժուար անունները կը սորվինք եւ յարգանքով անոնց անունները կու տանք, թող իրենք ալ մեր անունները սորվին…
Այս հատորը մեր հայրենակիցները եւ մանաւանդ նորահաս սերունդը ու երիտասարդութիւնը հայօրէն ապրեցնող, հոգեկան սնունդ եւ ազգային հպարտութիւն պատճառող գործ մըն է: Իւրաքանչիւր երիտասարդ պէ՛տք է ծանօթանայ այս մեծերու կեանքին ու գործին, անոնցմէ օրինակ առնէ, անոնցմէ առած օրինակով իր կեանքը իմաստաւորէ, աշխատի նմանիլ անոնց եւ արժանի տեղ գրաւէ աշխարհին մէջ, իր բարի ու ազնիւ գործերով:
Ես ցարդ ութ երիտասարդներու նուէր տուած եմ այս գիրքէն. բոլորն ալ ինծի խորին շնորհակալութիւն յայտնած են այս իսկապէս արժէքաւոր հատորին համար:
Այս տօնական օրերուն, կամ նոյնիսկ տարին 365 օր, կարելի է նման մնայուն արժէք ներկայացնող գիրքեր նուիրել մեր երիտասարդութեան՝ վստահ ըլլալով, որ անոր կեանքը պիտի այլակերպուի եւ հարստանայ նման գիրքեր կարդալով:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ստեփան Փարթամեանը այս հրատարակութեան առիթով՝ անոր մաղթելով նորանոր «փարթամ» հրատարակութիւններ:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
asbarez.com