Օրհան Քեմալ Ճենկիզ. «Այս Բոլորը Կը Պատահին, Որովհետեւ Սեւան Նշանեան Հա՞յ Է»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/Nor-Marmara_Cengiz.jpg)
Հրապարակագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզ անգամ մը եւս անդրադարձած է Սեւան Նշանեանին բանտարկուած ըլլալու փաստին ու «Պուկիւն» կայքէջի վրայ բաւական կծու հեգնանքով ցոյց կու տայ, թէ Սեւան Նշանեան իր ո՞ր յանցանքին համար բանտարկուած է: Այս երկրին մէջ, ուր դատական համակարգը աչք կը գոցէ ամէնէն մեծ խարդախութիւններուն ու կողոպուտներուն, ամէն տեսակ ապօրինութիւններուն, ինչո՞ւ յանկարծ արդարութիւն կը պոռայ Սեւան Նշանեանին դիմաց: Արդեօք պատճառն այն է, որ Սեւան Նշանեան հա՞յ է, կը հարցնէ յօդուածագիրը:
Նշանեան
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ կը յիշեցնէ, որ Սեւան Նշանեանը այն մարդն է, որ Շիրինճէն դրախտի մը վերածեց: Բայց անոր բոլոր ըրածներուն համար հիմա մէկ առ մէկ բանտարկութեան պատիժ կու գայ: Տանդ քով աշտարա՞կ մը շինեցիր, ա՛ռ քեզի պատիժ, ճամբա՞յ շինեցիր, ուրեմն մշակոյթի ու բնական գեղեցկութիւններու նախարարութեան օրէնքներուն դէմ եկար, ա՛ռ քեզ պատիժ: Նշանեան այս երկրին մէջ կատարուած բոլոր անարդարութիւններուն ու յանցագործութիւններուն պատիժը կը կրէ կարծես, կը գրէ Օրհան Քեմալ Ճենկիզ: Նշանեան այս վայրկեանին հինգ տարբեր յանցագործութեան պատճառով 6 տարի ու 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է: 10 ամիսէ ի վեր բանտն է ու արդէն չորս անգամ բանտ փոխեց: Նշանեան կը պատրաստուի տասնեակներով տարի բանտին մէջ մնալու: Եւ ասիկա կը պատահի երկրի մը մէջ, ուր հակառակ իր դատարանները քանիցս հրահանգած էին շինութիւնը դադրեցնել, ամէնուն աչքին առջեւ տակաւին կը շարունակուի շինութիւնը այն հսկայական շէնքին, որ վարչապետարան պիտի դառնայ: Ասիկա կը պատահի այն երկրին մէջ ուր իշխանութիւնները մէկ հարուածով կը փակեն ապօրինութիւններու թղթածրարները: Լա՛ւ, բայց ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ բոլոր այս յանցագործութիւններուն աչք գոցող դատաւորներուն յանկարծ աչքը չորս կը բացուի, երբ կարգը կու գայ Նշանեանին ստեղծած գործերուն: Այս անգամ դատաւորները այդ գործերը կը սկսին չափել ոսկերիչի բծախնդրութեամբ: Այս բոլորը կը պատահին անոր համար, որ Նշանեանը հա՞յ է, կ՛եզրակացնէ Օրհան Քեմալ Ճենկիզ: