Ամփոփուեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Համահայկական Ծրագիրներու Վարչութեան Աշխատակիցներու Այցերը «Արի Տուն» Ծրագիրի Հիւրընկալ Ընտանիքներ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան աշխատակիցները  վարչութեան պետ Արմէն Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս այցելեցին մայրաքաղաքի` սփիւռքահայ երիտասարդներու հիւրընկալութեամբ առաւել աչքի ինկած 8 վարչական շրջաններու շուրջ 80 ընտանիք (Մալաթիա-Սեբաստիա, Էրեբունի, Քանաքեռ-Զէյթուն, Շէնգաւիթ, Դաւթաշէն, Աջափնեակ, Նոր-Նորք, Կեդրոն):

 Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն` նախարարութեան աշխատակիցները կարեւոր համարեցին հիւրընկալ ընտանիքներու դերը ծրագիրի կայացման, Սփիւռքի երիտասարդներուն Հայրենիքին, հայ ընտանիքի բարքերուն, աւանդոյթներուն, առօրեայ կենցաղին ծանօթացնելու, եւ հայ մշակոյթին կապելու գործին մէջ:

Հիւրընկալող ընտանիքներն իրենց հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրին համար, որն իրենց հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ  ծանօթանալու եւ կապուելու օտար ափերու վրայ բնակող մեր հայրենակիցներուն հետ:

Նախարարութեան աշխատակիցները անոնց երկրագունդ-լուսամփոփ  նուիրեցին:

Մինչ այդ համահայկական ծրագիրներու վարչութիւնը կոտայքի` (Պռոշեան, Եղուարդ), Արագածոտնի` (Կարբի, Օշական), Արմաւիրի` (Արշալոյս, Մուսալեռ), Արարատի` (Փ. Վեդի, Աւշար, Վեդի, Տափերական, Արարատ) մարզպետարաններու միջոցով արիտունցիներուն հիւրընկալած ընտանիքներուն շուրջ 200  երկրագունդ-լուսամփոփ  նուիրեց:

IMG_9013-1 IMG_9115-1 IMG_9199-1

Scroll Up