Հայաբնակ Չալտըր Գիւղի Անի Անսապլի Անդամները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/Untitled-145.jpg)
Հոկտեմբեր 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՌԴ Դոնի Ռոստովի մարզի Մեասնիկեանի շրջանի Չալտըր գիւղի Անի ազգագրական համոյթին` շրջանի ղեկավար Արշակ Պորկշէյեանի գլխաւորութեամբ եւ ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեանի ուղեկցութեամբ:
Դոնի հայեր Անի համոյթը, զոր 1985 հիմնադրած է Ռոստովի պետական երաժշտանոցի փրոֆէսոր Գրիգոր Խուրտայեան, համառուսական եւ միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր է: Ներկայիս անսամպլը ունի շուրջ 40 երաժիշտ եւ երգիչ, որոնք կը նուագեն հայկական ազգային գործիքներ` թառ, քամանչա, քանոն, ուտ, զուռնա, դհոլ եւ այլն: Անոնց երգացանկի մէջ ընդգրկուած են ինչպէս ժողովրդական երգեր, այնպէս ալ հայ ժամանակակից ու դասական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ: Համոյթը համերգներով բազմիցս հանդէս եկած է Գանատայի եւ եւրոպական շարք մը այլ երկիրներու մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց անսամպլի հայապահպան գործունէութիւնը ոչ միայն Դոնի Ռոստովի մարզի մէջ, այլեւ ողջ Ռուսաստանի եւ այն բոլոր երկիրներու հայ համայնքներու մէջ, ուր ելոյթներով հանդէս եկած է խումբը:
«25-ամեայ դադարից յետոյ` այս տարուայ Հոկտեմբերի 29-ին, դուք առաջին անգամ ելոյթ ունեցաք Հայրենիքում` Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահում, իսկ այնուհետեւ` Արտաշատում: Ուրախ եմ, որ «Անի»-ի կատարումները հնարաւորութիւն կ’ունենան վայելել նաեւ իջեւանցիները, – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` յաւելելով, – ողջունելի է ԵՊՀ ռեկտորի նախաձեռնութիւնը` «Անի» անսամպլի համերգները Հայրենիքում իրականութիւն դարձնելու գործում: Կարծում եմ, այլ ուսումնական հաստատութիւնների համար Մայր ԲՈՒՀ-ի նախաձեռնութիւնը պէտք է օրինակ դառնա»:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անսամպլի անդամներուն յորդորեց փորձերու ժամանակ հաղորդակցուիլ միայն հայերէն, ինչը մեծապէս կ’օգնէ մայրենիի իմացութեան խորացմանն ու պահպանման: Գերատեսչութեան ղեկավարը խումբի անդամները հրաւիրեց մասնակցելու 2015թ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի` ազգային երգի ու պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներուն: «2015թ. աշնանը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, նախարարութիւնը կ’անցկացնի նաեւ «կոմիտաս» փառատօնը: Սիրով հրաւիրում եմ ձեզ` հանդէս գալու կոմիտասեան կատարումներով», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը եւ խումբի անդամներուն յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ հանդիսացող «անմոռուկ» կրծքանշաններ:
Գերատեսչութեան ղեկավարն ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Չալդըրի հայ համայնքի պատանիներն ու աղջիկները գործուն մասնակցութիւն կ’ունենան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրին: Ան համայնքի մասնակիցներուն տրամադրեց խտասալիկներ, կոչ ըրաւ դիտել «իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի մասին պատմող ֆիլմերը եւ 2 տարի անց անպայման մասնակցիլ փառատօնին:
Նախարարը մեծապէս կարեւորեց գլխաւորաբար հայերով բնակեցուած Չալտըր գիւղի եւ Դոնի Ռոստովի մարզի հայ համայնքի պատմութեան ամբողջացումը մէկ գիրքով:
ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան նշեց, որ մինչեւ 1917թ. համայնքի պատմութիւնը արձանագրուած է, իսկ այժմ աշխատանքներ կը տարուին 1917-2013թթ. իյնկած ժամանակաշրջանը ամբողջացնելու ուղղութեամբ:
Բարձր գնահատելով հայ ազգային երաժշտութեան պահպանման եւ զարգացման գործի մէջ Անի անսամպլի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ տեւական դադարէ ետք Հայրենիքի մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս գալու նախաձեռնութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խումբը պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ իրենց աշխատանքը արժեւորելու համար` Միասնիկեանի շրջանի ղեկավար Արշակ Պորկշէյեան նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ այսօր կը գործեն Չալտիրի հայկական դպրոցները: Ան աւելցուց, որ համայնքի մէջ հետաքրքրութեամբ ծանօթացած են նաեւ Երուանդ Զօրեանի ղեկավարած Հայկական հեռահար քոլէջի հնարաւորութիւններուն:
Միասնիկեանի շրջանի ղեկավարը հաւաստիացուց, որ համայնքի մէջ կը պահպանուին հայկական աւանդոյթները, նիստուկացը: Չալտիրցի հայերը իրարու հետ կը հաղորդակցուին պատմական Անիի իրենց խօսուածքին բնորոշ հայերէնով եւ կ’այցելեն գիւղի հրապարակի ծայրը կառուցուած Հայ Առաքելական եկեղեցին:
Արշակ Պորկշէյեան ՀՀ սփիւռքի նախարարին նուիրեց չալդըրցի հայերու համար խորհրդանիշ դարձած յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ Չալտըրի հրապարակը եւ հայկական եկեղեցին պատկերող կտաւ մը:
Հանդիպման աւարտին խումբի մենակատարներ Արինա Բաբիյեան եւ Սարգիս Յակոբեան կատարեցին հատուած «Անուշ» օփերայէն եւ բանահիւսական երգարուեստէն մի քանի նմուշներ: