Զարեհ Սիմոնեան. «Կարեւորը Հոգիով Հայ Ըլլալն Է…»

Կրօնափոխ հայերու թեման այսօր շատերուն կը մտահոգէ: Յատկապէս այն մարդոց, որոնք առիթ  ունեցած են անոնց հետ ծանօթանալու: Սուրիահայ բժիշկ, Ճեզիրէի շրջանի Շտապօգնութեան յանձնախումբի անդամ, ՀԲԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի ատենապետ Զարեհ Սիմոնեան մէկն է այդ մարդոցմէ, որ համաձայնեցաւ իր մտահոգութիւնները պատմել «hayernaysor.am»-ի հետ զրոյցին.

– Առաջին անգամ կրօնափոխ հայերու խնդիրին առնչուեցայ 1988 թուականին, երբ    քանի մը անգամ հանդիպեցայ գրող Սերօ Խանզադեանի հետ, որ համշէնահայերով կը զբաղէր: Սերօ Խանզադեան շատ կ’ուզէր օգնել անոնց ու միշտ կը կրկնէր` կարեւորը հոգիով հայ ըլլալն է: Մինչ այդ ես գաղափար չունէի համշէնահայերու մասին:

Իսկ արդէն տաս տարի է` կրօնափոխ հայերու հարցը կ’արծարծենք տարբեր հարթակներու վրայ: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ նոյնպէս այս հարցը քննարկած ենք:

Սուրիոյ մէջ կան կրօնափոխ քիւրտեր, արաբներ, որոնք այսօր արդէն չեն վախնար բարձրաձայնելու իրենց հայ ըլլալուն մասին եւ կը ցանկան վերադառնալ իրենց արմատներուն: Այդ մարդիկ մեր աջակցութեան կարիքն ունին, մարդիկ, որոնք իրենց ապահովութիւնը վտանգելով, կը ցանկան հայ դառնալ, մկրտուիլ, եւ մենք որեւէ ձեւով պէտք  է օգնենք անոնց, աջակցինք:

Ես ո´չ Սասունը  տեսած եմ, ոչ Արեւմտեան Հայաստանը, բայց ինքզինքս սասունցի կը համարեմ, կը հպարտանամ  սասունցի ըլլալով: Այդպէս են նաեւ այդ մարդիկ, անոնք թէեւ այսօր իսլամ կը դաւանեն, բայց կը հպարտանան իրենց ազգութեամբ, արմատներով: Այդ ամէնը մարդու ներսէն կու գայ: Իսկ մէկ-երկու սերունդ յետոյ անոնց այսօրուան ոգեւորութիւնը կրնայ մարիլ:

Շատերս  անձնական օգնութիւն, աջակցութիւն ցուցաբերած ենք, բայց այս հարցը միասնական լուծում կը պահանջէ: Առիթն օգտագործելով` կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հասաքէի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ  Անդրանիկ Այվազեանին, որ առանց վախի բոլորին նեցուկ կը կանգնի, արդէն մկրտած է մօտ 50 իսլամացած հայու:

Գամիշլիի մէջ այսօր շատ քիւրտ երիտասարդներ կան, որոնք ինքզինքնին հայ կը համարեն: Կը փափաքին  հայերէն սորվիլ: Սուրիական պատերազմէն առաջ մենք դասընթացներ կազմակերպեցինք, բայց այս դէպքերու պատճառով չկրցանք շարունակել:

Անոնք իրենց կամքով, գիտակցութեամբ կը խոստովանին իրենց հայ ըլլալը, այլ ոչ թէ կը ցանկան օգտուիլ «հայութենէն», ինչպէս որոշ մարդիկ կը մտածեն: Անոնք հիմնականին մէջ զարգացած մարդիկ են` բժիշկներ, երկրաչափներ: Համացանցի վրայ սկսած է  «Ես հայ եմ» շարժումը, որ նպատակ ունի միաւորելու կրօնափոխ հայերը:

Կարեւոր հանգամանք մը եւս. անոնք` կրօնափոխ եղած այդ մարդիկ, Հայոց ցեղասպանութեան վկաները կրնան ըլլալ Հայ դատի յաղթական գործընթացին մէջ:

Քանի մը պատմութիւններ պատմեմ: Անգամ մը  արաբ մը եկաւ մեր մօտ ու ըսաւ, որ Թել Ահմատի մէջ ապրող իր մեծմայրը հայ է եւ Ձեզի տեսնելով շատ պիտի ուրախանայ: Այցելեցինք անոր. 107-ամեայ կին էր` խորշոմած դէմքով, բայց կը զգայիր, որ մէջը հայութիւն կայ: Ան 6-7 տարեկան աղջիկ  եղած է, երբ թուրքերը սպաննած են ընտանիքի անդամները: Անոր պահած-մեծցուցած է  արաբ ընտանիք մը, որ ալ յետագային  արաբի հետ  ամուսնացուցած է իրեն: Այդ կինը 250 ժառանգ ունէր եւ անցեալ տարի դեռ ողջ էր:

Տուն մը  այցելած էինք, տեսանք, որ տարիքով մարդիկ յուզմունքով հայկական հեռուստաալիք կը նայէին, հարցուցինք` կը հասկնաք, պատասխանեցին` ո´չ, բայց կարեւորը, որ մեր նախնիներու լեզուն կը լսենք:

1995-96 թուականներն էր: Հիւանդանոցին մէջ երկու արաբի հանդիպեցայ ու զարմանքով նկատեցի, որ իրար հետ հայերէն կը խօսին, որ թանկ է ծառայութիւնը, ինչպէս պէտք է վճարենք: Կարծէս երազի մէջ ըլլայի` արաբները կը խօսին հայերէն: Մօտեցայ անոնց: Ալ աւելի զարմացայ, երբ գիտցայ, որ եղբայրներուն անունները Տիգրան եւ Սուրէն են: Հետաքրքրուեցայ ու պարզեցի, որ անոնց մայրը, որ պառկած էր հիւանդանոցը, հայ է եւ ան սորվեցուցած է իրենց հայերէն: Իսկ հայերէն  խօսած են, որովհետեւ մտածած են, որ իրենց ոչ մէկը չի հասկնար: Այցելեցի անոնց մօրը, ու թէեւ մենք միայն հայ հիւանդներուն  անվճար կ’օգնէինք, անոր ըսի, որ կը հոգանք հիւանդանոցի ծախսերը: Երկար ժամանակ կապ կը պահէի ընտանիքին հետ: Բայց երբ տեղափոխուեցան Սաուտեան Արապիա, կապը խզուեցաւ:

Նման մարդիկ այսօր շատ են Սուրիոյ մէջ: Եթէ մենք չկարենանք անոնց ճիշդ օգտագործել, անոնց ալ կրնանք կորսնցնել: Իսկ այն հայը, որ եթէ չհայանայ, քրիստոնեայ չդառնայ, աւելի թունդ իսլամ կրնայ դառնալ:

Հետեւաբար, պէտք է հոգ տանիլ անոնց: Առ այսօր անոնց աչքաթող ըրած ենք, բայց դեռ ուշ չէ եւ պէտք է  ճամբայ մը գտնել` անոնց օգնելու համար: Ի հարկէ, պէտք է զգոյշ ըլլալ, բայց պէտք չէ վախնանք այս հարցը բարձրաձայնելու:

Պատրաստեց Լուսինէ Աբրահամեան

 

 

 

Scroll Up