«Հայարտուն» Կրթամշակութային Կեդրոնի Ներսէս Շնորհալիի Անուան Երգչախումբը Այցելեց Ախալցխա

Հոկտեմբեր 26-ին «Թիֆլիսոպա» տօնի առիթով «Հայարտուն» երիտասարդական մշակութային կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» հոգեւոր երգչախումբը` խմբավար Մարիամ Աբուլեանի, դաշնակահար Կարէն Միրզոյեանի եւ կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Ախալցխա:

Երգչախումբը Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկաւ  շարք մը հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու կատարմամբ:  Աւելի ուշ «Հայարտուն» երիտասարդական մշակութային կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» հոգեւոր երգչախումբը այցելեց Ախալցխայի Հայկական Կրթամշակութային Կեդրոն, ուր երկու կեդրոններու երիտասարդները առիթ ունեցան ծանօթանալու իրարու հետ:

Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.Net-ը, Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնի գործունէութիւնը համակարգող Էդուարդ Այվազեան ողջունեց հիւրերու այցը Ախալցխա, յատկապէս երիտասարդական կեդրոն, կարեւորելով երկու կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան աշխուժացումը: Անոր խօսքերով` շատ կարեւոր են նման փոխայցելութիւնները, որոնց ընթացքին երիտասարդները առիթ կ’ունենան ծանօթանալու իրարու  հետ, որուն ընթացքին երիտասարդներու միջեւ կ’առաջանայ կենդանի կապ:

«Հայարտուն» երիտասարդական մշակութային կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան նուիրեց Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնին գիրքեր, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան դասագիրքեր ու  քանի մը ուսուցողական ձայնասկաւառակներ:

«Հայարտուն» երիտասարդական մշակութային կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» հոգեւոր երգչախումբի երիտասարդները Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի երիտասարդներուն հետ միասին երգեցին ժողովրդական երգեր:

Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնի պարի աւագ խմբակի սաները հիւրերուն ցուցադրեցին իրենց սորված քանի մը պարեր:

Երիտասարդական կեդրոնէն հիւրերը ուղեւորուեցան Սբ. Նշան եկեղեցի, որմէ ետք  այցելեցին Վահրամ Գայֆեճեանի անուան ստեղծագործողներու միութիւն:

01 03 02

Scroll Up