Էդվարդ Նալպանտեան. Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ զէրօ խնդիրներու Քաղաքականութիւնը կը Բերէ զէրօ Արդիւնքներ. Հոկտեմբեր 23-ին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/g_image-12.jpg)
Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆրանկ-վալտեր Շտայնմայերի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալպանտեան պատասխանած է նաեւ լրագրողներու հարցերուն: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ օրերս Էրտողան յայտարարած է, որ 1915-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար պէտք է հիմնուիլ Թուրքիոյ գրադարաններու եւ արխիւներու նիւթերու վրայ, իսկ թուրք հետազօտողները, վկայակոչելով այդ նոյն արխիւները, կ’եզրակացնեն, որ ցեղասպանութիւնը իրագործուած է ոչ թէ թուրքերու կողմէն, այլ՝ թուրքերու դէմ, Նալպանտեան մասնաւորապէս ըսած է.
«Տարօրինակ է, որ թուրքական գրադարաններում կամ արխիւներում ցեղասպանութեանը վերաբերող նիւթերն իրենց բովանդակութեամբ միանգամայն տարբերվրում են ողջ աշխարհի արխիւներում եւ գրադարաններում պարունակուող նիւթերից: Եթէ Թուրքիայում որոշում կայացնողները հիմնւում են նման նիւթերի վրայ, պատահական չէ, որ զրo խնդիրների քաղաքականութիւնը բերում է զրo արդիւնքների:
“Ի դէպ, քիչ առաջ իմ գործընկերոջը` պարոն Շտայնմայերին, փոխանցեցի գերմանական արխիւներում գտնուող Հայոց ցեղասպանութիւնը վկայող շուրջ 240 փաստաթղթերից բաղկացած մի նոր հրատարակութիւն”: