Թուրք Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան –Հիմնարկ

Եւրասիա համագործակցութեան հիմնադրամի «Media Bus Tour» ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստան այցելած թուրք լրագրողները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան –հիմնարկ: Անոնք եղան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ, ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ:

Այնուհետեւ հայ եւ թուրք լրագրողները հանդիպում եւ աշխոյժ քննարկում ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան – հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՑԹԻ մամլոյ ծառայութենէն:

turkish-journalists04 turkish-journalists01

Scroll Up