Պատրիկ Մալաքեան. Մարմինս կը Փշաքաղուի, Երբ կը Յայտարարուի, որ ժամանած Ենք Հայաստան…

Հայաստան ժամանած է բեմադրիչ, ՀԲԸՄ Մարսէլի մասնաճիւղի նախագահ Պատրիկ Մալաքեան` ֆրանսահայ ճանչցուած բեմադրիչ Անրի Վեռնոյի որդին, որուն հետ զրուցած է “Հայերն Այսօր”-ը.
– Մինչեւ 18 տարեկան ես կրած եմ Վեռնոյ ազգանունը, բայց յետոյ որոշեցի փոխել եւ վերցնել հօրս իրական ազգանունը` Մալաքեան: Անիկա այն տարիներն էին, երբ հայրս ֆիլմի աշխարհի մէջ մեծ գործունէութիւն ծաւալէր ու շատ ճանչցուած էր: Եւ անոր ազգանունը կրելով` ամէն ինչ քեզի առաւել հեշտութեամբ կը տրուէր, մարդիկ քեզի հետ կը խօսէին իբրեւ Անրի Վեռնոյի որդի: Ես պարզապէս կ’ուզէի ըլլալ Պատրիկ, թէեւ միշտ հպարտացած եմ իմ ազգանունովս: Երկրորդ պատաճներէն մէկն ալ այն էր, որ ցանկացայ իմ հայկական ինքնութեանս վերադառնալ` կրելով “եան” ազգանունը:
– Հետաքրքրական է, այսօր ի՞նչ կարեւորութիւն ունի Անրի Վեռնոյ անունը Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ:
– Ֆրանսայի մէջ այսօր երիտասարդներուն Անրի Վեռնոյ անունն այնքան ալ ծանօթ չէ: Բայց Հայաստանի մէջ նա ազգային հպարտութիւն է. ե՛ւ երիտասարդները, ե՛ւ աւագ սերունդը կը սիրեն, կը ճանչնան ու կը գնահատեն զինք: Անրի Վեռնոն կը համարուի հայ կինոմատոգրաֆիայի կարկառուն դէմքերէն մէկը:
– Անրի Վեռնոն Հայաստանի մէջ ճանչցուած է, մանաւանդ, “մայրիկ” ֆիլմով: Հեղինակի “Մայրիկը” դարձած է հայ մօր իւրատեսակ խորհրդանիշ: Հետաքրքրական է, իսկ ինչպիսի՞ հայր էր Անրի Վեռնոն:
– Այն կարծիքն է ստեղծուած, որ ֆիլմի մարդիկ միշտ զբաղած կ’ըլլան. անընդհատ նկարահանումներ, գործուղումներ եւ ընտանիքի համար ժամանակ չեն ունենար: Բայց հայրս` Անրի Վեռնոն, ընտանիքի մարդ էր: Նկարահանումներէն ետք ան կու գար տուն ու կը նուիրուէր իր ընտանիքին: Մեր ընտանեկան երեկոները, ընթրիքները շատ աշխոյժ, ուրախ կ’անցնէին՝ կատակներով: Կարծեմ հօրս նման վարքագիծի գլխաւոր պատճառն այն էր, որ ան հայ էր: Գաղտնիք չէ, որ հայերը նուիրուած են իրենց ընտանիքին, մեծ կարեւորութիւն կու տան ու կ’ապրին իրենց ընտանիքի փոքր ու մեծ հոգերով:
– Դուք ժառանգա՞ծ էք այդ որակները: Յատկապէս, որ հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Ձեր մասին ըսած էք` ֆրանսացի` հայու սրտով:
– Քիչ մը բարդ է այս հարցին պատասխանել, որովհետեւ ես դեռ ամուսնացած չեմ եւ երեխաներ չունիմ: Բայց…ապագան շուտով պիտի փոխուի: Ու բնական է, որ ես այդ ամէնը կը փոխանցեմ իմ բալիկներուս եւ նոյն յորդորով կը դաստիարակեմ զիրենք:
– Ին՞չ այցով ժամանած էք Հայաստան:
– Ես Հայաստանի մէջ եմ մի քանի պատճառներով: Առաջինը` հօրս անունով փողոցի բացման աշխատանքներու քննարկումն էր, որ կը նախատեսուէր բանալ 2015 թուականին: Այդ նախաձեռնութեան պիտի յաջորդեն Անրի Վեռնոյի ֆիլմերու յետահայեաց ցուցադրութիւններ, կոնֆերանսներ:
Ինչպէս գիտէք, ես նաեւ ՀԲԸՄ Մարսէլի մասնաճիւղի ղեկավարն եմ: Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կը նախատեսենք 65 երեխաներ հրաւիրել Մարսէլ, որպէսզի համերգ կազմակերպենք:
Ես հանդիպած եմ նաեւ Արա Գէորգեանի հետ, որուն կ’ուզենք Եւրոպա հրաւիրել:
Չորրոդ պատճառն այն է, որ ես շատ կը ցանկամ աշխատիլ Հայաստանի մէջ, համագործակցիլ այստեղի մասնագէտներու հետ: Սա նաեւ առիթ է, որ յաճախակի Հայաստան գամ: Գիտէք, միշտ պատճառներ կը գտնեմ, որ Հայաստան այցելեմ:
Սա իմ չորրորդ այցս է Հայաստան: Ամէն անգամ շատ բուռն, զօրաւոր, նոր զգացողութիւններ կ’արթննան մէջս: Առաջին անգամ 1991 թուականին այցելած եմ. առ այսօր կը յիշեմ իմ զգացողութիւններս: Հիմա 2014 թուականն է, շատ ժամանակ անցած է, այս ընթացքին մեծ փոփոխութիւններ կատարուած են: Բայց այսօր ալ, երբ օդանաւի մէջ կը յայտարարուի, որ ժամանած ենք Հայաստան, մարմինս կը փշաքաղուի, զգացումներս կը սկսին յորդիլ:
– Դուք այս տարի նաեւ առաջին անգամ Ապրիլ 24-ին այցելած էք Ծիածեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ին՞չ զգացողութիւններ ունեցած էք:
– Յուզումը խեղդելով` կը շարունակէ,- կը դժուարանամ ըսել, թէ ինչ կը զգամ, որովհետեւ անձնական շատ ծանր ապրումներ են անոնք: Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ լռութեան մէջ ամբոխը կամաց-կամաց կը բարձրանար յուշահամալիր, հնարաւոր չէր մտքիդ մէջ սարսափելի տեսարաններ չտեսնել, այն, ինչը ցաւալի է նոյնիսկ յիշել: 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին դարձեալ պիտի այցելեմ Ծիծեռնակաբերդ: Կարծեմ, շատ անհրաժեշտ է ու կարեւոր, որ շատերը այդ օրը այցելեն Հայաստան ու Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիր:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան