«Արա Կիւլերը-Սթամպուլի Աչքը». Պեռլինի Մէջ Բացուած Է Պոլսահայ Լուսանկարիչի Յետահայեաց Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/183757.jpg)
Հոկտեմբեր 15-ին Պեռլինի Willy-Brandt-Haus-ին մէջ բացուած է «Արա Կիւլերը – Սթամպուլի աչքը» (Արա Կիւլերը – The Eye Սթամպուլ) խորագիրով ցուցահանդէսը: Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Պրանտին նուիրուած ժամանակակից շէնքի 2 յարկին մէջ միաժամանակ ցուցադրուած է աւելի քան 200 լուսանկար, որոնք նկարուած են 1950-2005 թուականներուն: Այս մասին կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net կայքը:
Լուսանկարներու մեծ մասը, որոնցմէ շատերը սեւ-սպիտակ են, նկարուած են Սթամպուլի ծայրամասերուն մէջ ու ցոյց կու տան ատոնց բնակիչներու առօրեայ կեանքը, իսկ յետնամասին մէջ հիմնական կ’երեւին Սթամպուլի ջրային ուղիները: Ընդհանուր առմամբ ցուցահանդէսը կը ներկայանայ իբրեւ յիշարժան ու պատմական զբօսանք քաղաքին մէջ մինչեւ ատոր վերջին արդիացումները:
Today’s Zaman-ի փոխանցմամբ, ցուցահանդէսին մէջ կարելի է տեսնել ինչպէս Սթամպուլի խարխուլ ետնախորշերու մռայլ, սեւ-սպիտակ տեսարանները, մարդոց անձնական պահերուն նկարուած հանելուկային լուսանկարները, այնպէս ալ ահաբեկչութեան եւ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ռազմական յեղաշրջումներու մասին ականատեսի անհողդողդ արձանագրութիւնները:
Նաեւ ներկայացուած են գունաւոր լուսանկար, որոնք նկարուած են Քէնիոյ, Փաքիստանի, Նեփալի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Իրանի ու Հնդկաստանի մէջ:
Արա Կիւլերն աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող է: Յաճախ անոր կը դիմեն «Սթամպուլի աչք» կամ «Սթամպուլի լուսանկարիչ» մականուններով: Ծնած է Սթամպուլի մէջ` 1928-ին, հայերու ընտանիքի մէջ: 1950-ից սկսած է աշխատիլ «Yeni Istanbul» թերթին մէջ`զուգահեռ ուսանելով Սթամպուլի համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ: Որոշ ժամանակ անց տեղափոխուած է «Հիւրիէթ» թերթի խմբագրութիւն: Կիւլերը լուսանկարած է Ուինսթըն Չերչիլին, Մարիա Քալլասին, Ճոն Պերկերին, Պերնարտ Ռասսելին, Սալվատոր Տալիին, Փապլօ Փիքասոյին, Ինտիրա Կանտիին, Սերգէյ Փարաջանովին եւ այլոց: Պարգեւատրուած է ֆրանսական «Legion d’ honneur», 2005թ.` թրքական «Grand prize of culture and art», 2009թ.` Նիւ Եորքի «Lucie Award» մրցանակներով:
2013-ի ամրան Արա Կիւլեր Հայաստան եկած էր: Ազգային պատկերասրահին մէջ անոր «Բարեւ ձեզ» խորագիրով ցուցահանդէսն էր, ուր ներկայացուած էր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ նկարած մօտ 100 լուսանկար: