Հայ Հնատիպ Գիրքի Ցուցահանդէս Հնդկաստանի Մէջ
Ապրիլ 8-ին Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, Հնդկաստանի ու Հայաստանի ազգային գրադարաններու մասնակցութեամբ կազմակերպուած հայ հնատիպ գիրքի ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հնդկաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Արա Յակոբեան, Հնդկաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Ռաճենտրա Գումարը, Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան, ինչպէս նաեւ հնդիկ պաշտօնեաներ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տնօրինութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ այլ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկան դեսպան Յակոբեան, ազգային գրադարաններու տնօրէնները: ՀՀ դեսպանը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց. «Հնդկաստանն այս կարեւոր ցուցահանդէսի համար պատահական ընտրութիւն չէր. հայկական առաջին` «Ազդարար» պարբերականը տպագրուել է 1794թ. Մադրասում` Յարութիւն Շմաւոնեանի կողմից: Ցուցահանդէսում ներկայացուած մի շարք գրքեր եւս տպագրուած են Հնդկաստանում, մասնաւորապէս` Մադրասում եւ Կալկաթայում»:
ՀՀ դեսպանն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հնդկական կողմին` ցուցահանդէսը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:
Հանդիսութեան ընթացքին Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաները ներկայացուցին հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններ:
Ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ ապրիլ 12, ներկայացուած են Հայաստանի ազգային գրադարանէն բերուած եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի գրադարանի կողմէ տրամադրուած գիրքեր: Ներկայացուած գիրքերու շարքին են 1512թ. Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ տպագրուած «Ուրբաթագիրքը», 1666-68թթ. Ամսդըրտամի մէջ տպագրուած «Աստուածաշունչը», 1794-96թթ. Մատրասի մէջ տպագրուած «Ազդարարը» եւ այլ արժէքաւոր գիրքեր,- այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: