Մասունք` Յիշողութեան Տեսքով. Կը Պատմէ Ժիրայր Ռէիսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/Untitled-124.jpg)
Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրի պայթեցումէն անցած է մէկ ամիս: Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբավայրին հետ կապուած իւրաքանչիւր պատմութիւն այսօր նոր իմաստ կը ստանայ, աւելի արժեւորուելով կը դառնայ իւրատեսակ մասունք` յիշողութեան տեսքով:
Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի քարտուղար, Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեան կը պատմէ .
– Երբ կառուցուած է Տէր Զօրի առաջին հողաշէն մատուռը, հիմքին մէջ տեղադրուած են Տէր Զօրի աւազներու վրայէն հաւաքուած Եղեռնի նահատակներու աճիւնները: Ոսկորներու հաւաքման աշխատանքներուն հայրս ներկայ եղած է, ան այդ օրերուն ֆրանսական պաշտօնական լուսանկարիչ էր (Սուրիան այդ ժամանակ Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ կը գտնուէր): Հայրս կը պատմէ, որ Տէր Զօրի մէջ, գետի միւս ափին, որ լրիւ անապատ էր, աւազուտները ամբողջովին գանկերով եւ ոսկորներով ծածկուած էին: Երբ աւազամրրիկ կը բարձրանար, աւազը, մերկացնելով մէկ կողմի ոսկորները, կը ծածկէր միւս հատուածին մէջ գտնուող ոսկորները: Իսկ երբ քամին միւս կողմէն կը փչէր, հակառակ պատկեր կը ստացուէր: Եւ այսպէս շարունակ: Տէր Զօրի բնակիչներն անգամ չէին ցանկար գետի այդ կողմը անցնիլ, որովհետեւ անոնց կը թուար, որ ուրուականներու աշխարհի մէջ պիտի յայտնուին:
Ֆրանսական զինուորական կառավարիչներէն մէկը, հիմա անունը չեմ յիշեր, երբ Տէր Զօր կու գար, անակնկալի կու գայ այդ պատկերէն: Եւ կը հրահանգէ` ոսկորահաւաք ընել եւ թաղել: Եւ այդպէս, նահատակներու մասունքներու մէկ մասը կը թաղուի Տէր Զօրի մատուռի ներսը, մէկ մասը կ’ուղղարկէ Անթիլիաս, ուր կառուցուած է Նահատակաց մատուռը: Աճիւններէն մաս մըն ալ կը տարուի Գամիշլի, մնացածը թաղած են աւազուտներու մէջ:
Երբ տեղի կ’ունենայ Տէր Զօրի հողաշէն եկեղեցւոյ բացումը, ներկայ կ’ըլլայ Ռեֆռեֆ հանմ անունով տիկին մը: Ականատեսներէն մէկը կը պատմէ, որ երբ Սիւրմէլեան սրբազանը կը մօտենայ ժապաւէնը կտրելու, կը նկատէ Ռեֆռեֆ հանմին: Կը կանչէ իր մօտ եւ կ’ըսէ, որ դուն աւելի արժանի ես այս ժապաւէնը կտրելու, որովհետեւ շատ հայերու կեանք փրկած ես: Տիկինը կը հրաժարի այդ պատիւէն, ան Սուրմէլեան սրբազանին հետ միասնաբար կը կտրեն ժապաւէնը:
Ո՞վ էր այդ կինը, որուն այդքան պատուած է Սրբազանը: Ռեֆռեֆ հանմ, կին մըն էր, որուն հայրը` Մուսթաֆա Նետիմը, եղած է Օսմանեան պալատի առաջին քարտուղարներէն մէկը: Շատ մօտ եղած է սուլթանին, բայց տարբեր առիթներով բուռն ձեւով ընդվզած է հայերու դէմ կատարուած ոճիրներուն դէմ: Այս բոլորին պատճառով շատերը անոր անվստահելի մարդ կը համարեն ու ծրագրած են սպաննել: Բայց անոր մտերիմ մարդիկ այդ մասին կը յայտնեն անոր, եւ վերջինս կը փախչի երկրէն:
Աղջիկը` Ռեֆռեֆը, կ’ամուսնանայ զինուորականի մը հետ, որուն եղբայրը Տէր Զօրի շրջանի զինուորական հրամանատարը կ’ըլլայ: Քիչ մը անձեռնմխելիութիւն ունեցող ընտանիք կ’ըլլան եւ մարդիկ չեն համարձակիր անոնց նեղացնել: Ռեֆռեֆն ու մայրը այդ առիթը օգտագործած են եւ մեծ թիւով հայերու իրենց տան մէջ պատսպարած: Տան ներքնայարկը վերածած են ապաստարանի, ուր թաքցուցած են հայ գաղթականներուն: Մայր ու աղջիկ Ճաշ եփած են անոնց համար, արաբ հարուստ ընտանիքներու տուները ինկած, գաղթական հայերու համար հագուստներ հաւաքած են: Կազդուրուելէ ետք նոր հագուստներ հագցուցած եւ որեւէ ձեւով ճանապարհ դրած, որպէսզի ուրիշ գաղթականներու կարենային փրկել ու պատսպարել: Այս ձեւով բաւականին մեծ թիւով հայեր փրկած է այս ընտանիքը:
Ուրախ եմ, որ գոնէ կրցայ ճանչնալ Ռեֆռեֆ հանմին իր կեանքի վերջին տարիներուն, արդէն 100-ամեայ կին էր, բայց դեռ գիտակցութիւնը տեղն էր: Դժբախտաբար, նիւթական շատ ծանր պայմաններու մէջ մահացած է: Փորձեցի փնտրել անոր հարազատները, գերեզմանը եւ ի վերջոյ կրցայ:
Պատրաստեց Լուսինէ Աբրահամեան