ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիահայութեան Եւ Հայկական Դպրոցներուն
Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը Երեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամադրավայրը եղաւ շրջանի ներկայացուցչական դէմքերու եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի միջեւ, որ, ինչպէս ծանօթ է, յատուկ առաքելութեամբ մը հիւրաբար Արեւմտեան Թեմ կը գտնուի:
Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ եւ հրաւէրով այս ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր ի պատիւ հիւր Սրբազան Հօր՝ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, զօրակցութիւն արտայայտելու համար Սուրիոյ տագնապահար մեր գաղութին եւ յատկապէս մեր վարժարաններուն: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիգիճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ եւ դաստիարակներ, Ազգ. Առաջնորդարանի յանձնախումբերու անդամներ, Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի (SARF), քոյր կազմակերպութեանց եւ Հալէպի վարժարաններու շրջանաւարտից միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 ազգայիններ, որոնց շարքին հալէպահայեր:
Պաշտօնական յայտագիրին բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց որ ընդառաջած էին հրաւէրին, ապա, վեր առաւ Հալէպի մեր գաղութին բարերար դերը՝ Սփիւռքի կազմաւորման եւ ոգեղէն սնունդով պարենաւորման մէջ: Ան յիշեցուց, որ անցեալ մէկ դարուն, յատկապէս Հալէպը եղած է սփիւռքեան տարբեր գաղութներու հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային մշակներ տրամադրող օճախը, իսկ այժմ, ժամանակն է, որ մենք զօրակցինք անոր:
Յանուն Ազգային Վարչութեան, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան: Ան նշեց, որ ամբողջ հայութիւնը վերջին տարիներուն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ ու Հալէպի վիճակուած ահաւոր իրադարձութեանց, իսկ վերջերս, ցասումով ականջալուր եղաւ Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշակոթողին ականահարման: «Ձեր կորուստը նաեւ մեր կորուստն ու ցաւն է, Սրբազան Հայր», ընդգծեց Տիար Վահէ Յովակիմեան, հաստատելով, որ Արեւմտեան մեր Թեմը վերջին տարիներուն, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, ճիգ չէ խնայած աջակցութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ մեր հարազատներուն: «Պիտի շարունակենք կանգնիլ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն կողքին», եզրափակեց ան:
Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիգիճեան, Սուրիոյ հայութեան վիճակուած կացութեան լոյսին տակ, իր խօսքը կեդրոնացուց երեք գլխաւոր մտածումներու վրայ. քաջութիւն, տոկունութիւն եւ ազգային համահայկական կարեկցութեան ոգի: Ան նշեց, որ Շահան Սրբազանը մէկ մարմնաւորումն է քաջութեան այն արժանիքին, որ ունի շրջանի հայութիւնը: Ան վերջին տարիներուն մեր ժողովուրդին հետ քաջաբար կը դիմակալէ ամէն դժուարութիւն, կ’առաջնորդէ հայկական գաղութին դիմադրական պայքարը, շահած է ժողովուրդին համակրանքն ու յարգանքը: Սուրիոյ մեր գաղութը ցուցաբերեց տոկունութեան աննկուն կամք ու ոգի, ապրեցաւ ու կ’ապրի ահաւոր պայմաններու մէջ, եւ պէտք է գիտնայ, որ իր կողքին ունի մեզ ու ամբողջ հայութիւնը։ Իսկ հայութեան միասնականութեան մէկ հարազատ արտայայտութիւնը կը տեսնուի մեր գաղութին մէջ, որուն բոլոր զաւակները, անխտիր, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, զօրավիգ կանգնեցան եւ կը շարունակեն զօրակցիլ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն: «Վստահ ենք, որ մեր գաղութը պիտի շարունակէ յոյս ներշնչել», եզրափակեց ան:
Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ներկաները հետեւեցան Հալէպի իրականութիւններն ու դպրոցներու կեանքը պատկերող ժապաւէններու:
Ճաշէն ետք, Հալէպի հայկական վարժարաններու շրջանաւարտից միութեանց անունով խօսք առաւ Տիկին Զարուկ Տէր Դաւիթեան: Ան յատկապէս ողջունեց Շահան Սրբազանին ներկայութիւնը, հաւաստեց, որ հայութիւնը մօտէն կը հետեւի ու քաջածանօթ է Սուրիոյ ծանրակշիռ դէպքերու զարգացումներուն, ու ձայնակցեցաւ այն արտայայտութեանց, թէ զօրակցական կեցուածքը պիտի մնայ անփոփոխ:
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինին անունով խօսք առաւ Տիար Վազգէն Մատէնլեան: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ հայութեան տառապանքներուն բաժնեկիցի զգացումները համակած են բոլորս, սակայն ատիկա բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել: Իբրեւ նախկին տնօրէն՝ ինծի համար ցաւ է տեսնել եւ իմանալ, որ աշակերտներ դժուարութեան մատնուած են, հայկական վարժարան մը կրնայ փակման վտանգին տակ գտնուիլ, շարունակեց Տիար Վ. Մատէնլեան, եւ հաւաստեց, որ յառաջիկայ օրերուն, Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտները հանգանակային արշաւներու պիտի դիմեն, գործնապէս զօրակցելու համար Սուրիոյ հայկական վարժարաններու իրենց ընկերներուն: Ան կոչ ուղղեց, որ մեր գաղութի զաւակները մասնակցին հանգանակային այդ աշխատանքին:
Հանդիսավարը հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, ուղղելու իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը հիմնած էր երկու գլխաւոր մտածումի վրայ. ան նշեց, որ այս երեկոյն սրտակցութիւն արտայայտելու եւ յուսալից ըլլալու առիթ է: Ան շեշտեց, որ սրտակցութեան ու ցաւի զգացումներուն պէտք է ընկերացնենք գործնական զօրակցութիւնը: Ան արագ ակնարկով մը պարզեց Շահան Սրբազանին ժամանումէն ետք արձանագրուած քայլերը, հաստատելով, որ ան յատուկ եւ նուիրական առաքելութեամբ մը կը գտնուի մեր Թեմը, Սուրիոյ մեր վարժարաններուն աշակերտներուն համար օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով: Մեր գաղութի զաւակները ուղղակի տեղեկութիւններ պիտի քաղեն իրականութիւններու մասին, նաեւ զօրակցութիւն արտայայտելու Սուրիոյ մեր հարազատներուն, ինչ որ է այս երեկոյթին գլխաւոր նպատակը: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան, Հալէպի շրջանաւարտից միութիններու եւ Սուրիահայերու ցարդ ցուցաբերած աջակցութիւնը, շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց երեկոյթի հիւրընկալ ամոլին՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեանի եւ Տիկնոջ՝ Սօսիին: Վերջապէս, ան կոչ ուղղեց անսալու եւ ընդառաջելու SARF-ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու զօրակցական արշաւներուն, «որովհետեւ Բերիոյ Թեմը քոյր թեմ է, ու սրտի պարտք ունինք մեր կարելին ի գործ դնելու եւ աջակցութեան հասնելու իրենց կարիքներուն»: Ապա, ան հրաւիրեց Բերիոյ Թեմի Սրբազան Հայրը արտասանելու իր սրտի խօսքը:
Շահան Սրբազան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան եւ զօրակցական արտայայտութեանց համար, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան, նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն յանձնարարութեամբ ձեռնարկած է իր այժմու առաքելութեան: Ան հաստատեց, որ հայկական Սփիւռքը եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը մեծ նպաստ տրամադրած է Սուրիոյ հայութեան, ուր սակայն կարիքը մեծ է: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կարելիութիւնը ընծայած է տոկալու եւ կը պահպանէ յոյսը: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ պատկերեց ժողովուրդի դաժան առօրեան, նշեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը քանիցս ռումբեր ստացած է ու անձնակազմը ստիպուած է քաղաքին մէջ դառնալ գաղթական. ժողովուրդը ամէն օր կը գտնուի մահուան վտանգի տակ, կ’արձանագրուին զոհեր ու վիրաւորներ, տարրական սննդանիւթի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապները սուր են: Հակառակ այս ծանր վիճակին, ժողովուրդին մէջ վառ կը մնայ յոյսը եւ դիմադրական ոգին: Ամէնէն պերճախօս վկայութիւնը տուաւ Քեսապի հայութիւնը, որ երեք ամիսներու բռնագաղթէ եւ ծանր կորուստներէ ետք տուն վերադարձաւ եւ այժմ ձեռնարկած է վերականգնումի գործին: Ան նշեց, որ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը հրաշալի գործ է, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Հալէպի ու այլ շրջաններու հայութիւնն ալ նոյնը պիտի ընէ, անմիջապէս որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի: Ան յատուկ կարեւորութեամբ վեր առաւ մեր վարժարաններուն դերն ու կարեւորութիւնը, ընդգծեց, որ հայ դպրոցը պէտք է բաց մնայ եւ շարունակէ մեր մշակոյթի օճախը ըլլալու իր վսեմ առաքելութիւնը:
Բերիոյ Թեմի Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայկական սփիւռքը ծնունդ առաւ մեր կամքէն անկախ պատճառներով, սակայն անիկա դարձած է բարիք եւ հարստութիւն, շնորհիւ իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ կազմակերպութեանց ու միութեանց: Ան իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ սփիւռքեան զօրակցութեան ականատես վկան ըլլալով, ի մօտոյ Հալէպ պիտի վերադառնայ այն հաւատքով ու հաւաստիքով, որ Սուրիոյ հայութիւնը առանձին ու անօգնական չէ. «Կեանքի դժուարութիւնները պիտի չընկճեն մեզ. պիտի վերականգնինք դարձեալ», շեշտեց ան, արժանանալով ներկաներուն յոտնկայս ծափահարութեան:
Երեկոյն վերջ գտաւ երկու Առաջնորդ Սրբազաններու օրհնութեան աղօթքով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով: